Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հաղորդումով` այս մասին հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը:
«Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները, գնահատականներ տրուած են շրջանային խնդիրներուն, ներառեալ հացահատիկային միջանցքը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Զրոյցի ընթացքին Էրտողան յայտնած է, որ միացեալ ջանքերու շնորհիւ աւելի քան 13 միլիոն թոն հացահատիկ առաքուած է կարիքաւոր երկիրներ: Անոր համաձայն, հացահատիկային միջանցքի ճամբով այժմ կարելի է աշխատիլ սննդամթերքի եւ այլ ապրանքներու արտածման ուղղութեամբ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փութին եւ Էրտողան քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար ուժանիւթային ոլորտին մէջ, հացահատիկի ուղիի իրագործումը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ շրջանային օրակարգի հարցեր:
Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը շուտով աւարտի:
Էրտողան նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը կը շարունակուի Քրտական աշխատաւորական կուսացութիւն-Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր «ահաբեկչական կազմակերպութեան» անջատողական գործունէութիւնը: Ան ընդգծած է 2019 թուականին Սոչիի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու համաձայն, Թուրքիոյ սահմաններուն կից աւելի քան 30 քիլոմեթր տարածք «ահաբեկիչներէն մաքրելու» կարեւորութիւնը:


