Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ թրքական կողմը համոզել Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութեան չսկսելու` վստահեցնելով, որ յաջողութիւն կ՛արձանագրուի:
«Մինչեւ ցամաքային գործողութեան սկսումը, հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, ինչ որ կը նշանակէ, որ յաջողութիւններ կան, եւ հաղորդակցութեան մէջ պիտի մնանք», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին երէկ իր կարգին յայտնած էր. «Անգարան կը գիտակցի, որ պէտք է Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել ու պահպանել»: Ան նշած էր, որ Սուրիան ու Թուրքիան իրենք կ՛որոշեն իրենց միջեւ վեհաժողով գումարել: