Էլիզէի պալատը յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն չորեքշաբթի օր (այսօր, «Ա.») Տոհա պիտի ուղղուի Մոնտիալի կիսաւարտականի ընթացքին Մարոքի դէմ մրցումի ընթացքին քաջալերելու համար Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբը, հակառակ «Քաթարին քաղաքական աջակցութիւն չտրամադրելու» ընդդիմադիրներու կոչին:
Նախագահի խորհրդականներէն մէկը յայտնեց. «Հարցը կը վերաբերի կարեւոր պահու մը ընթացքին ֆրանսական մարմնակրթութեան ու ֆրանս-մարոքեան բարեկամութեան աջակցութեան»` աւելցնելով. «Կարեւոր է, որ նախագահը այդտեղ ըլլայ` զօրակցելու համար Ֆրանսայի ազգային խումբի անդամներուն»:
Ընդդիմադիր «Լա Ֆրանս Էնսումիզ» շարժումի անդամ երեսփոխան Մանուէլ Պոնփար յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ Մաքրոն կը սխալի: Կրնանք Ֆրանսայի ազգային խումբի համակիրներուն խանդավառութիւնը յարգել, սակայն հարցը նոյնը չէ, երբ նախագահը այդտեղ ուղղուելով Քաթարին իր քաղաքական աջակցութիւնը կը յայտնէ»:
«Ֆրանսական խումբը յաղթելու համար իր համակիրներուն պէտք ունի, եւ անկասկած կարիքը չունի թրիպիւններուն վրայ Մաքրոնի ներկայութեան», ըսաւ ան` նշելով. «Քաթարի մէջ մարդու իրաւունքները կարիքը ունին ֆրանսական դիւանագիտական նախաձեռնութեան»:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Եանիք Ժատօ իր կարգին կոչ ուղղեց «Մոնտիալի քաղաքական պոյքոթի»` նշելով, որ ասիկա այլեւս անհրաժեշտ է Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ Էւա Քայլիի` Քաթարի առնչուած հարցի մը մէջ փտածութեան ամբաստանութեամբ բանտարկութենէն ետք:
«Տարիներէ ի վեր գիտենք, որ ներկայ Մոնտիալը կենսոլորտային եւ ընկերային ողբերգութիւն է», աւելցուց ան:
Յիշեցնենք, որ Մաքրոն 2018-ին ներկայ գտնուած էր Ռուսիոյ մէջ վիճայարոյց Մոնտիալի աւարտականին, երբ Ֆրանսայի ազգային խումբը Խրուաթիոյ դէմ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրելէ ետք դարձած էր աշխարհի ախոյեան:


