Իրան Մարտին Ռուսիայէն «Սու-35»-ներ Պիտի Ստանայ
Թեհրան մինչեւ 21 մարտ Ռուսիայէն քանի մը բազմաթիրախային «Սու-35» հալածիչներ պիտի ստանայ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը, որ կը մէջբերէ Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի անդամ Շահրիար Հէյտարիի խօսքերը: «Մենք Ռուսիոյ պատուիրած ենք պաշտպանութեան համակարգեր, հրթիռներ եւ ուղղաթիռներ, եւ այդ զինատեսակներուն մեծ մասը շուտով պիտի մատակարարուի», ընդգծած է Հէյտարի: Իրանի օդուժի հրամանատար զօր. Համիտ...




















