«Թեհրանի Եւ Պաքուի Միջեւ Թիւրըմբռնումը Լուծուած Է» Կ՛ըսէ Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալիպաֆ, անդրադառնալով իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ հանդիպումին, յայտարարած է, որ Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ թիւրըմբռնումը լուծուած է: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Քալիպաֆ այս մասին յայտարարած է Ասիական խորհրդարաններու վեհաժողովի 13-րդ նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով Թուրքիա կատարած այցելութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: Անդրադառնալով վեհաժողովի ծիրին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ...




















