Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յունաստան Մտադիր Չէ Ծովային Գօտիներու Սահմանազատման Հարցով Պատերազմելու Թուրքիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Միցոթաքիս

January 21, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստան մտադիր չէ Եգէական ծովուն մէջ ծովային գօտիներու սահմանազատման հարցով պատերազմելու Թուրքիոյ հետ եւ կ՛ակնկալէ երկու երկիրներուն միջեւ այս միակ վէճը լուծել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ կամ Լա Հէյի միջազգային դատարանին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան կը հաղորդէ, որ Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի քննարկման ժամանակ յայտարարած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը:

Հաղորդավարը Միցոթաքիսին հարցուցած է, թէ արդեօք Յունաստանը կը պատրաստուի՞ Թուրքիոյ դէմ կռուելու Քասթելլորիզօ փոքրիկ կղզիին համար, որ կը գտնուի թրքական ափէն 2 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

«Մենք Թուրքիոյ հետ պիտի չպատերազմինք, թէեւ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին ականատես եղած ենք մեծ լարուածութեան», ըսած է վարչապետը` աւելցնելով. «Քասթելորիզոն յունական գեղեցիկ կղզիներէն մէկն է… Մենք պէտք է կարենանք Թուրքիոյ հետ նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ` իբրեւ ողջմիտ մարդիկ, եւ լուծել մեր հիմնական վէճը, որ կը վերաբերի Եգէական եւ Արեւելեան Միջերկրական ծովերուն մէջ ծովային գօտիներու սահմանազատման: Ասիկա բարդ խնդիր է Եգէական ծովու աշխարհագրութեան պատճառով, սակայն մենք կրցած ենք նմանատիպ հարցեր լուծել մեր դրացիներուն հետ: Մենք ատիկա կատարեցինք Իտալիոյ հետ, մենք ատիկա ըրինք Եգիպտոսի հետ, իսկ Ալպանիոյ հետ մենք կը պատրաստուինք այս հարցը հասցնել Միջազգային դատարան եւ թող դատարանը որոշէ մեր անունով»:

Վարչապետին համաձայն, այս խնդիրը պէտք է լուծուի միջազգային օրէնքի եւ մասնաւորաբար, ծովու օրէնքի մասին ՄԱԿ-ի հռչակագիրին համաձայն, դրացիները պէտք չէ սադրանքներու ենթարկուին, բացի ատկէ, հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է բաց մնան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այդ խնդիրները կ՛ուզէ՞ լուծել, Միցոթաքիս ըսած է. «Ես բազմիցս խօսած եմ նախագահ Էրտողանի հետ. թէեւ մենք ունեցած ենք, գիտէք, շատ, շատ դժուար պահեր, ես անկարելի չեմ նկատեր նախագահ Էրտողանի հետ լուծում գտնելը»:

Ասոր ի պատասխան հաղորդավարը նկատած է, որ Միցոթաքիս նախապէս ըսած էր, որ Էրտողան նախ պէտք է հրաժարի իր «օսմանեան երազանքներէն»:

«Այո՛, ես նկատի ունիմ, որ ատիկա կարեւոր է, որովհետեւ որոշ պահու մը կան հարցեր, որոնց պատճառով պարզապէս չի կրնար դրուիլ յունական կղզիներու գերիշխանութեան հարցը: Մենք չենք կրնար ընդունիլ, օրինակ, այն փաստը, որ Թուրքիան Լիպիոյ հետ կը ստորագրէ փոխըմբռնման յուշագիր, որ Կրետէն կը զրկէ ծովային գօտիներու նկատմամբ որեւէ իրաւունքէ: Ասոնք ամբողջովին անընդունելի նախադրեալներ են: Այսպիսով, եթէ քննարկումը կեդրոնացնենք իրական խնդիրներու վրայ, ապա այո՛, մենք կրնանք լուծում գտնել: Սակայն եթէ քննարկումը ծաւալենք այնպիսի հարցերու վրայ, որոնք ես չեմ ուզեր քննարկել, մենք քննարկում պիտի չունենանք», շեշտած է Յունաստանի վարչապետը:

Նախորդը

«Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու Որդեգրումը Հետզհետէ Աւելի Կը Դժուարանայ» Կ՛ըսէ Շարլ Միշել

Յաջորդը

Սպանիոյ Վարչապետը Յայտնած Է Եւրոպայի Մէջ Փութինի «Գաղտնի Դաշնակիցներու» Մասին

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.