Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթոլթենպերկ. «Արեւմուտքի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորում Տեղի Պիտի Չունենայ Նոյնիսկ Ուքրանիոյ Կացութեան Կարգաւորումէն Ետք»

January 17, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ կարծիք յայտնած է, որ արեւմտեան երկիրներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորում տեղի պիտի չունենայ նոյնիսկ ուքրանական տագնապի աւարտէն ետք: Ռուսական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է գերմանական «Հանտելզպլաթ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Նախկինին պէս պիտի չըլլայ. եթէ նոյնիսկ Ուքրանիոյ մէջ զէնքերը լռեն, պէտք չէ ակնկալել, որ Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւնները նախկին մակարդակին պիտի չվերադառնան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սթոլթենպերկ «Հանտելզպլաթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Մենք պատերազմի վճռորոշ փուլին մէջ ենք»` ընդգծելով, որ «կատաղի մարտեր» տեղի կ՛ունենան:

Ան միեւնոյն ժամանակ կարծիք յայտնած է, որ Քիեւի զինուորական աջակցութեան տրամադրումը «խաղաղութեան ամէնէն արագ ճամբան է»:

Սթոլթենպերկի կարծիքով` արեւմտեան երկիրները շուտով պիտի աւելցնեն Ուքրանիոյ ծանր սպառազինութեան մատակարարումները: Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները գիտեն, որ Ուքրանիոյ անհրաժեշտ են այնպիսի մարտական հրասայլեր, ինչպիսին գերմանական «Լէոփար 2»-ն է:

«Եւ ատիկա պիտի ըլլայ այն նիւթերէն մէկը, որ մենք պիտի քննարկենք Ռամթէյնի մէջ (Գերմանիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայան): Ուքրանիան այնտեղ ներկայացուած պիտի ըլլայ: Ծանր սպառազինութիւն տրամադրելու վերջին խոստումները շատ կարեւոր են, եւ ես յառաջիկային աւելին կը սպասեմ», ըսած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք խոստացած է Ուքրանիոյ 14 բրիտանական «Չալենճըր 2» հրասայլեր տրամադրել:

 

 

Նախորդը

«ՕԹԱՆ»-ին Անդամակցութեան Տրուած Հաւանութեան Համար, Շուէտը Մեզի Պէտք Է Յանձնէ 130 Որոնուողներ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Այն Ինչ Որ Ուքրանիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Համաշխարհային Երրորդ Պատերազմ Է» Կ՛ըսէ Սերպիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.