Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Մարտին Ռուսիայէն «Սու-35»-ներ Պիտի Ստանայ

January 23, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրան մինչեւ 21 մարտ Ռուսիայէն քանի մը բազմաթիրախային «Սու-35» հալածիչներ պիտի ստանայ: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը, որ կը մէջբերէ Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի անդամ Շահրիար Հէյտարիի խօսքերը:

«Մենք Ռուսիոյ պատուիրած ենք պաշտպանութեան համակարգեր, հրթիռներ եւ ուղղաթիռներ, եւ այդ զինատեսակներուն մեծ մասը շուտով պիտի մատակարարուի», ընդգծած է Հէյտարի:

Իրանի օդուժի հրամանատար զօր. Համիտ Վահետի սեպտեմբեր 2022-ին նշած էր, որ Մոսկուայէն «Սու-35»-ներ գնելու հարցը օրակարգի վրայ է:

Իսրայէլեան «Այ24նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը 24 դեկտեմբեր 2022-ին` յղում կատարելով հետախուզութեան աղբիւրին, որ կը հետեւէր Մոսկուայի եւ Թեհրանի զինուորական գործարքներուն, տեղեկացուցած էր, որ Ռուսիան յառաջիկային Իրանին հալածիչներ պիտի մատակարարէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, խօսքը, ամենայն հաւանականութեամբ 24 «Սու-35»-ներու մասին է, որոնք սկիզբը նախատեսուած էին Եգիպտոսի համար: Հետախուզութեան տուեալներով` իրանցի օդաչուները արդէն մարզուած են այդ օդանաւերով թռչելու համար: Բացի ատկէ, Թեհրան պէտք է Մոսկուայէն ստանար հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր:

Պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով, Իրան իր կարգին պէտք է Ռուսիա ուղարկէ 300 «Շահետ-136» քամիքազ անօդաչու թռչող սարքեր:

Մոսկուան կը հերքէ Ուքրանիան հարուածելու համար իրանեան զէնքի օգտագործումը: Թեհրան ընդունած է, որ Ռուսիա ուղարկած է անօդաչու թռչող սարքեր, սակայն ոչ մեծ քանակով եւ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական յատուկ գործողութենէն առաջ:

Նախորդը

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեան Վերընտրուեցաւ Ֆետերասիոնի Անդամ

Յաջորդը

Թել Աւիւի Մէջ Կառավարութեան Հրաժարականի Պահանջով Մեծ Ցոյց. Նեթանիահու Կը Պաշտօնազրկէ Ներքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.