Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան Շուէտէն պահանջած է, Սթոքհոլմի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան Անգարայի աջակցութեան դիմաց, իրեն յանձնել իր մօտ գտնուող որոնուողներ:
«Սթոքհոլմի հետ Անգարայի յարաբերութիւնները կրնան աւելի լարուած դառնալ, եթէ Շուէտը Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ քայլեր չորդեգրէ», զգուշացուց Էրտողան:
«Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը միայն Շուէտի մէջ չի գործեր, այլ նաեւ Եւրոպայի բոլոր կողմերուն մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ասիկա միայն Շուէտի մէջ տեղի չ՛ունենար, միայն Ֆինլանտայի մէջ տեղի չ՛ունենար: Կարծէք անիկա Գերմանիոյ մէջ, Ֆրանսայի մէջ, Անգլիոյ մէջ գոյութիւն չունի՞: Դժբախտաբար այս ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն անոնց բոլորին մէջ երեւան գալ, եւ անշուշտ, մենք իբրեւ Թուրքիա, այդ հիմամբ անոնց նկատմամբ մեր կեցուածքը պիտի ճշդենք»:
Էրտողան աւելցուց, որ թուրքերը կը տեսնեն Շուէտի փողոցներուն մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ցոյցերը, որոնցմէ կը զգուշացնենք Սթոքհոլմը, սակայն դժբախտաբար այդ ցոյցերը չդադրեցան»:
Ինչ կը վերաբերի Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ. «Անոնք մեզի պէտք է յանձնեն շուրջ 130 ահաբեկիչներ, որպէսզի մեր խորհրդարանին մէջ վաւերացնենք անոնց անդամակցութիւնը, սակայն ատիկա չկատարեցին»:
Նշենք, որ շուէտական դատարանը մերժեց Թուրքիոյ յանձնել թուրք մը` Պիւլենթ Քենշը, որ Անգարայի կողմէ կը մեղադրուի Ֆեթհուլլահ Կիւլենի «ահաբեկչական» կազմակերպութեան անդամակցութեամբ:
«Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ, ահաբեկչական ՔԱԿ-ի սադրանքներուն շուէտական իշխանութիւններու անտեսումին նկատմամբ Թուրքիոյ դժգոհութիւնը արտայայտելու համար, իր շուէտացի պաշտօնակիցը յորդորեց ջնջելու Անգարա իր այցելութիւնը, որ կ՛ուզէր մօտ օրէն կատարել», յայտնեց Էրտողան:
Քալըն. «Թուրքիան Պատրաստ Չէ Վաւերացնելու
Շուէտի` ՕԹԱՆ–ի Անդամակցութիւնը»
Թուրքիան պատրաստ չէ վաւերացնելու Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:
«Մենք այն իրավիճակին մէջ չենք, որ (Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մասին) օրէնքը վաւերացման համար ուղարկենք խորհրդարան», ըսած է ան:
«Արդէն 6-7 ամիս է, որ ներգրաւուած ենք այս հոլովոյթին մէջ, եւ Շուէտին այս լոյսին տակ ներկայանալը օգտակար չէ, մենք կ՛ուզենք յառաջ շարժիլ եւ յառաջընթաց ունենալ, սակայն եթէ նման միջադէպերը շարունակուին, ատիկա պիտի դանդաղեցնէ հոլովոյթը», աւելցուցած է ան:
Շուէտի քրտական համայնքի ներկայացուցիչները վերջերս ի նշան բողոքի` Էրտողանը պատկերող խրտուիլակը գլխիվայր կախած էին Սթոքհոլմի քաղաքապետարանին մօտ հրապարակի վրայ գտնուող սիւներէն մէկէն:
Անգարայի մէջ Շուէտի դեսպանը այս միջադէպին պատճառով կանչուած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: