Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարութիւններու հաւանական հանդիպումի մասին հարցումին ըսաւ. «Ես կը հաստատեմ, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները բնական եղած են մինչեւ 2011 թուական` հիմնուած բարի դրացիական քաղաքականութեան եւ երկու երկիրներու հասարակաց շահերուն վրայ, եւ մենք, այդ օրէն մինչեւ օրս կարելին կ՛ընենք վերջ տալու ահաբեկչութեան, որ խաթարած եւ դադրեցուցած է այս յարաբերութիւններու խաղաղութիւնը եւ յանգեցուցած Սուրիոյ մէջ ենթակառոյցներու, բժշկական եւ կրթական հաստատութիւններու ոչնչացման:
«Ուստի նախագահ Պաշշար Ասատի` Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ հանդիպումը կախեալ է այս կացութեան յանգեցուցած պատճառներու վերացումէն եւ այն տարակարծութիւններէն, որոնք փոխարինած են այն համախոհութիւնը, որուն վրայ նախապէս կառուցուած էին թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները: Այս ծիրին մէջ Մոսկուայի մէջ կայացած է Սուրիոյ, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը», ըսած է Մըքտատ:
Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է յարմար միջավայր ստեղծուի աւելի բարձր մակարդակի հանդիպումներու համար, եւ որ որեւէ քաղաքական հանդիպում պէտք է հիմնուած ըլլայ յստակ հիմերու վրայ, որոնք կը յարգեն Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իբրեւ իրական երաշխաւորի զինեալ ուժերու ներկայութիւնը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Իրանին` Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարեփոխումներու ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն համար:


