Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Վետանթ Փաթել մեկնաբանած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնը, թէ սովորական պատերազմի մէջ հիւլէական տէրութեան պարտութիւնը կրնայ հիւլէական պատերազմ հրահրել: Այս մասին կը գրէ «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ը:
«Մետվետեւի խօսքերը համահունչ են հիւլէական զէնքի մասին Մոսկուայի նախկին յայտարարութիւններուն», ըսած է Փաթել: Անոր համաձայն, այս հարցին մէջ «սադրիչ հռետորաբանութիւնը» «ո՛չ միայն վտանգաւոր է, այլ նաեւ անխոհեմ»:
«Հիւլէական պատերազմի մէջ կարելի չէ յաղթել եւ երբեք պէտք չէ մղել», ընդգծած է ան:
Մետվետեւ «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած էր, որ 20 յունուարին ՕԹԱՆ-ի «Ռամշթայն» ռազմակայանին մէջ «զինուորական ղեկավարները պիտի քննարկեն նոր մարտավարութիւն եւ ռազմավարութիւն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ նոր ծանր սպառազինութիւններու եւ հարուածային համակարգերու մատակարարումը»:
«Եւ երբեք խեղճ ու կրակներէն ոչ ոքի միտքով իսկ չ՛անցնիր ընել հետեւեալ տարրական եզրակացութիւնը. սովորական պատերազմի մէջ հիւլէական տէրութեան պարտութիւնը կրնայ հրահրել հիւլէական պատերազմի բռնկում: Հիւլէական տէրութիւննները չեն պարտուած մեծ տագնապներու մէջ, որոնցմէ կախեալ է անոնց ճակատագիրը», ըսած է Մետվետեւ:
Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի զինուորական յանձնախումբի նախագահ ծովակալ Ռոպ Փաուըր Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ դաշինքին համար սպառնալիք մնալ, նոյնիսկ եթէ անոր ուժերը Ուքրանիոյ մէջ պարտութեան մատնուիլ:
«Պատերազմին արդիւնքը ինչ ալ ըլլայ, հաւանական է, որ ռուսերը նոյնպիսի ախորժակներ ունենան… ուստի եւ սպառնալիքը պիտի չքանայ»:
Փաուըր աւելցուց, որ մինչ պատերազմը Ռուսիոյ ուժերը, սպառազինութիւնն ու զինամթերքը կը սպառէ, ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները կը նախատեսեն, որ Մոսկուան ո՛չ միայն փորձէ վերականգնել իր զինուորական կարողականութիւնը, այլ զայն ամրապնդէ:
Փաուըր ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու բարձրաստիճան սպաներու երկօրեայ ժողովի աւարտին լրագրողներուն յայտնեց. «Ընդհանուր կարծիքը այն է, որ ռուսերը պիտի վերականգնեն իրենց ունեցածը, նաեւ այս տագնապէն պիտի սորվին եւ փորձեն իրենց ունեցածը բարելաւել: Ուստի հաւանական է, որ ատիկա ապագային մեր ծրագիրներուն վրայ հետեւանքներ ունենայ»:


