Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի կայքը:
Քննարկուած են ռուս-իրանեան օրակարգի արդի հարցերը` շեշտը դնելով երկկողմանի համագործակցութեան ամբողջ շրջանակի հետագայ զարգացման վրայ: Նախագահները մասնաւորաբար կողմ արտայայտուած են ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ գումակային ոլորտներուն մէջ փոխշահաւէտ նախագիծերու հետեւողական իրականացման:
Միջազգային հարցերը քննարկելու ընթացքին նախագահները երկուստեք դրական գնահատած են Ասթանայի հոլովոյթի ծիրին մէջ հաստատուած սերտ համակարգումը, որ առանցքային դեր ունի սուրիական հարցի լուծման գործին մէջ:
Մտադրութիւն յայտնուած է շարունակելու համագործակցութիւնը` Սուրիոյ մէջ կացութեան կարգաւորման եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման նպատակով:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը անդրադառնալով զրոյցին կը նշէ, որ Ռայիսին նաեւ ընդգծած է, որ միայն համագործակցութեան եւ համակարգման միջոցով կրնան լուծուիլ շրջանային խնդիրները, ներառեալ Կովկասի եւ Սուրիոյ խնդիրները, եւ յայտարարած է, որ Իրան մշտապէս կարեւոր կը նկատէ շրջանային համարկումի ամրապնդումը եւ կը դատապարտէ շրջանային հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութեան վնասակարութիւնը:


