Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Կը Մերժէ Տարածքային Նոր Իրողութիւնները Ճանչնալը Իբրեւ Բանակցութիւններու Նախապայման Ընդունելու Ռուսիոյ Պահանջը

January 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ ուղղուած` տարածքային նոր իրողութիւնները ճանչնալու Ռուսիոյ պահանջը չի կրնար Ուքրանիոյ տագնապի լուծման բանակցութիւններու համար մեկնակէտ հանդիսանալ: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

«Եղած է խօսք, որ Ռուսիան քանի մը շաբաթներէ ու ամիսներէ ի վեր յառաջ կը մղէ այն մասին, որ իրենք շահագրգռուած են դիւանագիտութեան հարցով, իսկ Ուքրանիան եւ մենք` ոչ: Ատիկա, ի հարկէ, բնաւ ճիշդ չէ: Ինծի կը թուի` բաւական է նայիլ Փութինի խօսքերուն: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ վերջերս ունեցած զրոյցին մէջ ան ըսած է, որ քանի Ուքրանիան տակաւին չէ ճանչցած տարածքային նոր իրողութիւնները, ինչպէս ան արտայայտուած է, համաձայնելու բան չկայ:

«Այլ խօսքով` քանի Ուքրանիան տակաւին չէ ճանչցած եւ ընդունած այն փաստը, որ տարածքները պիտի չվերադառնան, բանակցութիւններ վարելու բան չկայ: Ասիկա, հասկնալի է, ինքնին յաջողութեան առիթ չունի (բանակցային հոլովոյթ սկսելու տեսակէտէն)», Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կայացած բանակցութիւններէն ետք ան ըսած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Քլեվըրլիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիան պատրաստ է քննարկելու բանակցութիւններու համար Արեւմուտքի որեւէ լուրջ առաջարկ, սակայն առայժմ զանոնք չէ ստացած: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «Կազեթա»-ն:

Լաւրով նաեւ յայտարարեց. «(Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր) Զելենսքիի հետ բանակցութիւններու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, թէկուզ միայն այն պատճառով, որ ան իրաւաբանօրէն արգիլած է Ռուսիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններ վարել»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մէկ օր առաջ բացատրած էր, որ Ուքրանիոյ օրէնսդրութիւնը Քիեւին չ՛արտօներ Ռուսիոյ հետ բանակցիլ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Լիտըրզ

Յաջորդը

Քիեւի Մէջ Ուղղաթիռի Ջախջախման Պատճառով Մահացան Ուքրանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը, Բարձրաստիճան Այլ Պաշտօնատարներ Եւ Երեխաներ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.