Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 11 յունուարին հրամանագիր ստորագրած է Մուխթար Մամատովը Իսրայէլի մէջ դեսպան նշանակելու մասին:
Իսրայէլ 1990-ական թուականներու սկիզբէն Ազրպէյճանի մէջ դեսպանատուն բացած էր եւ վերջին տարիներուն զինուորական ու դիւանագիտական մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Ազրպէյճանին` Լեռնային Ղարաբաղի համար Հայաստանի դէմ պայքարին մէջ: Իսրայէլ իր քարիւղի կարիքներուն 40 առ հարիւրը կը ստանայ Ազրպէյճանէն:
Պաքուն երեք տասնամեակի ընթացքին Իսրայէլի մէջ դեսպան չէր նշանակեր: Ազրպէյճանի դեսպանատունը պիտի բացուի Թել Աւիւի մէջ:
Դեսպան նշանակուած Մուխթար Մամատովը վեթերան պաշտօնեայ է, ան բարձրաստիճան պաշտօններ վարած է կրթութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն մէջ:


