Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Դէմ Է Որեւէ Քայլի, Որ Կը Դժուարացնէ Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի «2 Պետութիւններ» Սկզբունքին Հիմամբ Լուծումը»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է երկու երկիրներու համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցին` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»: «Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ յառաջընթացին հասնելու լաւագոյն միջոցը երկու պետութիւններու տեսլականը պահպանելն է, այնուհետեւ իրականացնելը», ըսած...




















