Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսի կարծիքով` եւրոպական երկիրներուն մէջ կան այժմու ռուսական իշխանութիւններու գաղտնի կողմնակիցներ, որոնք կը թաքցնեն Մոսկուայի նկատմամբ իրենց համակրանքը:
Սպանիոյ վարչապետը կոչ ուղղած է Եւրոպայի մէջ պայքարելու Քրեմլինի գաղտնի գործակալներուն դէմ:
«Ռուս մենատէրը աշխարհը պառակտելու եւ ժամացոյցը ետ շրջելու իր ցանկութեան մէջ առանձին չէ: Ան Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ դաշնակիցներ ունի, որոնք այժմ կը թաքցնեն Փութինի նկատմամբ իրենց համակրանքը, սակայն ընդամէնը մէկ տարի առաջ անոնք գացած էին անոր մօտ եւ կը գովէին անոր գործելաոճը», ըսած է Սանչես Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին ժամանակ: Անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Լա Վանկարտիա»-ն:
«Մենք այդ քաղաքական ուժերուն պէտք չէ արտօնենք ներթափանցել հասարակական մարմիններ եւ ներսէն ոչնչացնել Եւրոպական Միութիւնը», ըսած է Սանչես:
Ուքրանիոյ զինուորական գործողութեան մեկնարկէն ետք Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնին մեղադրած են Փութինի հետ կապեր ունենալու համար: Մինչեւ 24 փետրուար ռուս եւ իտալացի քաղաքական գործիչները բազմիցս հանդիպած են եւ զիրար «ընկերներ» կոչած: Ապրիլին Սիլվիօ Պերլուսքոնի դատապարտած էր Ռուսիոյ նախագահին` Ուքրանիա ներխուժելու որոշումը, սակայն հոկտեմբեր 2022-ին ան պատմած է Փութինի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման մասին:
Գերմանական համացանցային անվտանգութեան գործակալութեան ղեկավար Առնէ Շիոնպոմը եւս մեղադրած են Ռուսիոյ հետ կապեր ունենալու համար: Անոր կը կասկածէին Գերմանիոյ Համացանցային անվտանգութեան խորհուրդին միջոցով ռուսական հետախուզական ծառայութիւններու հետ կապեր ունենալու համար: Սակայն ապացոյցներու բացակայութեան պատճառով մեղադրանքները վերցուած էին, իսկ Շիոնպոմ նշանակուած է նոր պաշտօնի:


