Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Կը Մեկնաբանէ Ռուսիոյ Մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հետ Հաղորդակցութիւններու Հեռանկարները

January 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումները, ինչպէս օրինակ` վերջին բանակցութիւնները, պէտք է նախապէս Մոսկուայի եւ Դամասկոսի միջեւ մանրակրկիտ ուսումնասիրուին եւ համակարգուին` շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, ինչպէս կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, այս մասին Ասատ ըսած է Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչին հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Նման հանդիպումները պէտք է նախապատրաստուին Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ նախնական համակարգումով եւ ծրագրաւորումով, որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլան եւ հասնին այն որոշակի նպատակներուն, զորս կ՛ակնկալէ Սուրիան», ըսած է Ասատ:

Սուրիոյ նախագահը ընդգծած է, որ նման արդիւնքները կ՛ենթադրեն վերջ տալ սուրիական տարածքի բռնագրաւումին եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան:

Միւս կողմէ, սուրիական բարձրաստիճան աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին իր թուրք պաշտօնակիցին հետ հանդիպումի թուականը տակաւին չէ ճշդուած, որովհետեւ Դամասկոս մինչեւ հիմա համաձայն չէ անոր կայացման:

Դամասկոս մերժած է ժողովի թուականը ճշդել, նախքան անոր նպատակները ճշդելը` նախ եւ առաջ սուրիական հողերէն թրքական բանակի ամբողջական հեռացումը:

Աղբիւրները նշած են, որ Էրտողանի կառավարութիւնը սուրիական ղեկավարութեան մերձենալով ընտրական նպատակներ կը հետապնդէ, եւ Դամասկոս հետաքրքրուած չէ այդ յաղթաթուղթը տրամադրելով:

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Չկարգաւորելու
Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնները

Ուաշինկթըն կրկին Թուրքիոյ կոչ ուղղած է զերծ մնալու Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` մեկնաբանելով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն միջեւ վերջին շրջանին աշխուժացած հաղորդակցութիւնները:

«Մենք յստակօրէն ըսած ենք, որ Ասատի վարչակազմին հետ յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորենք եւ չենք սատարեր նաեւ այլ պետութիւններու` այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Մենք ատիկա հետեւողականօրէն կրկնած ենք, որովհետեւ կը տեսնենք, որ Դամասկոս չի դիմեր որեւէ քայլի, որ պիտի համապատասխանէր այն չափանիշներուն, որոնք անհրաժեշտ են յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», յայտարարած է Նետ Փրայս:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Մոսկուա-Քիեւ Հաւանական Բանակցութիւնները Պիտի Ըլլան Ուղիղ` Առանց Միջնորդներու»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.