Ուքրանական 11 Անօդաչու Թռչող Սարքեր Փորձած Են Յարձակիլ Սեւասթոփոլի Վրայ, Իսկ 2 Ուրիշներ` Մոսկուայի Վրայ
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ չորեքշաբթի գիշեր ուքրանական 11 անօդաչու թռչող սարքեր փորձած են Սեւասթոփոլի վրայ յարձակում գործել, սակայն այդ սարքերը վնասազերծուած են: «Սեւասթոփոլ քաղաքին մօտ 2 անօդաչու թռչող սարքեր խոցուած են հերթապահութեան ժամանակ, եւս 9 սարքեր ճնշուած են ռատիոելեկտրոնային պայքարի միջոցով, եւ առանց թիրախին հասնելու` կործանուած են Սեւ ծովուն մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: «Տէօչէ Վելլէ» կը գրէ,...




















