Երէկ Թուրքիոյ արեւմտեան Քոճալի նահանգի նաւահանգիստներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ պայթում:
Նաւահանգիստէն աղբիւր մը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Պայթումը տեղի ունեցած է վերելակներէն մէկուն մէջ, որ կը պատկանի Հողամթերքի վարչութեան: Ենթադրաբար, պայթումը տեղի ունեցած է նաւը հացահատիկով բեռցնելու ընթացքին: Պայթումի պատճառները յստակ չեն, կ՛ընթանայ հետաքննութիւն»:
Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն, պայթումը տեղի ունեցած է Քոճալի նահանգի Տիրինճէ նաւահանգիստին մէջ:
Քոճալիի նահանգապետ Սիտար Եաւուզ յայտնած է. «Պայթումը տեղի ունեցաւ ցորենը նաւերէն ամբար փոխադրելու ընթացքին ճնշումին պատճառով: Կան 10 վիրաւորներ, որոնցմէ երկուքին վիճակը վտանգաւոր է»:


