Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Թեհրան Քուէյթի Տուրրա դաշտի խնդիրը իրաւաբանական բանակցութիւններու ճամբով պատրաստ ըլլալը յայտնեց»:
«Տուրրա դաշտի թղթածրարը իրաւաբանական խնդիր է, եւ մենք այնտեղ ներդրում կատարելու իրաւունք ունինք», նշեց նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց. «Մենք առաջնահերթութիւն կ՛ընծայենք շրջանին մէջ նաւարկումի անվտանգութեան երաշխաւորման, եւ այդ հարցը պէտք է իրագործուի շրջանի երկիրներուն գործակցութեան ճամբով»` աւելցնելով. «Ամերիկեան ներկայութիւնը այս շրջանին մէջ անվտանգութիւն պիտի չհաստատէ, այլ կայունութեան քայքայման պիտի յանգեցնէ»:
Նախարարութիւնը նաեւ մերժեց շրջանէն դուրս եղող երկիրներու շրջանի անվտանգութեան երաշխաւորման հարցին մէջ միջամտութիւնը:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիան եւ Քուէյթը կը վերահաստատեն, որ մասնատուած Մաղմուրա շրջանի, ներառեալ Տուրրա հանքավայրի բնական հարստութիւնները ամբողջովին միայն թագաւորութեան ու Քուէյթի սեփականութիւնն են, եւ այդ երկու երկիրները միայն գերիշխանական ամբողջական իրաւունքները ունին այդ շրջանի հարստութիւնները օգտագործելու»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ երկու կողմերը կը վերահաստատեն մասնատուած Մաղմուրա շրջանի արեւելեան ծայրամասին հարցով բանակցելու վերաբերեալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան` Սէուտական Արաբիան ու Քուէյթը իբրեւ մէկ կողմ, եւ Իրանը երկրորդ կողմ հիմամբ, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի կանոններուն ու բարի դրացնութեան սկզբունքին հիմամբ բանակցելու իրենց նախապէս յղած եւ կրկնուող կոչերը: