Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ չորեքշաբթի գիշեր ուքրանական 11 անօդաչու թռչող սարքեր փորձած են Սեւասթոփոլի վրայ յարձակում գործել, սակայն այդ սարքերը վնասազերծուած են:
«Սեւասթոփոլ քաղաքին մօտ 2 անօդաչու թռչող սարքեր խոցուած են հերթապահութեան ժամանակ, եւս 9 սարքեր ճնշուած են ռատիոելեկտրոնային պայքարի միջոցով, եւ առանց թիրախին հասնելու` կործանուած են Սեւ ծովուն մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Տէօչէ Վելլէ» կը գրէ, որ զոհեր եւ աւերներ չկան:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Մոսկուայի վրայ երկու անօդաչու թռչող սարքերու գիշերային յարձակումին մասին, ինչի մասին նախապէս գրած էր քաղաքապետ Սերկէյ Սոպիանինը:
Սոպիանին յայտնած է, որ գիշերը երկու գրոհային անօդաչու թռչող սարքեր փորձած են յարձակիլ քաղաքին վրայ: Անոնք հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու կողմէ վար առնուած են:
«Գիշերը, ժամը մօտաւորապէս չորսին, հակաօդային պաշտպանութիւնը խոցած է քաղաքին ուղղութեամբ թռչող երկու հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր. մէկը` Քալուկայի մարզին մէջ, միւսը` Կեդրոնական օղակաձեւ ճամբու տարածքին մէջ», ըսած է ան:


