Փեսքով Մեկնաբանած Է «Փութին Յաջորդ Տարի Պիտի Վերընտրուի` Ստանալով Քուէներուն Աւելի Քան 90 Առ Հարիւրը» Յայտարարութիւնը
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով անդրադարձած է «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի յօդուածին մէջ իրեն վերագրուած աղմկայարոյց յայտարարութեան, որ «Վլատիմիր Փութինը յաջորդ տարի պիտի վերընտրուի` ստանալով քուէներուն աւելի քան 90 առ հարիւրը»: Փեսքովի համաձայն, «Նիւ Եորք Թայմզ» իր ըսածը սխալ մեկնաբանած է: Նշենք, որ ամերիկեան օրաթերթը կիրակի հրապարակած էր ռուս-ուքրանական պատերազմի եւ Ռուսիոյ ներքաղաքական իրավիճակի մասին յօդուած մը: Յօդուածի հեղինակ Ռաճըր...




















