Միջազգային

Թուրք Կիպրացիներ Յարձակում Կը Գործեն ՄԱԿ-ի Խաղաղապահներուն Վրայ

Թուրք Կիպրացիներ Յարձակում Կը Գործեն ՄԱԿ-ի Խաղաղապահներուն Վրայ

Զայրացած թուրք կիպրացիներ երէկ բռունցքով եւ աքացիով հարուածեցին ՄԱԿ-ի միջազգային խաղաղապահներուն: «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի տրամադրութեան տակ անցած տեսերիզ մը ցոյց տուած է, որ մեծաթիւ թուրք կիպրացիներ կը մօտենան շատ աւելի փոքրաթիւ ՄԱԿ-ի սլովաք եւ բրիտանացի խաղաղապահներուն, որոնք կը փորձեն զանոնք ետ պահել ապազինեալ գօտիէն: Կարգ մը խաղաղապահներ դէմքերնէն հարուածներ ստացած են, մինչ թեւ-թեւի անցուցած փորձած են ետ մղել յառաջ շարժող թուրք...

Միացեալ Նահանգներ Դանիոյ Եւ Նետերլանտներուն Արտօնած Են Քիեւին «Էֆ-16»-ներ Փոխանցել

Միացեալ Նահանգներ Դանիոյ Եւ Նետերլանտներուն Արտօնած Են Քիեւին «Էֆ-16»-ներ Փոխանցել

Միացեալ Նահանգներ Դանիոյ եւ Նետերլանտներուն արտօնած են «ԷՖ-16» հալածիչներ փոխանցել Քիեւին, երբ աւարտի տուեալ օդանաւերուն վրայ ուքրանացի օդաչուներու վերապատրաստումը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատար մը: Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոպքէ Հուքսթրան «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ ողջունած է Ուաշինկթընի այդ որոշումը: Միացեալ Նահանգներու նման արտօնութեան մասին, ըստ «Պլումպըրկ»-ի, յայտնած է նաեւ Դանիոյ արտաքին գործոց...

Հաւայ Նահանգի Մաուի Կղզիին Վրայ Անտառային  Հրդեհի Զոհերուն Թիւը Գերազանցած Է 100-ը

Հաւայ Նահանգի Մաուի Կղզիին Վրայ Անտառային Հրդեհի Զոհերուն Թիւը Գերազանցած Է 100-ը

Հաւայեան արշիպեղակոսի Մաուի կղզիին վրայ բռնկած անտառային հրդեհներու զոհերուն թիւը հասած է 106-ի: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Մաուի կղզիի իշխանութիւններուն: Հաւայեան Մաուի եւ Մեծ կղզիներուն վրայ հրդեհները սկսած են չոր եւ տաք եղանակին պատճառով եւ սաստկացած «Տորա» փոթորիկին բերած ուժեղ քամիին հետեւանքով: Հրդեհը ոչնչացուցած է քանի մը բնակավայր, ներառեալ յայտնի զբօսաշրջական ու պատմական քաղաք Լահայնան:

Սուրիոյ Հարցով Արաբական Յանձնախումբը  Օտար Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման  Եւ Գաղթականներու Տունդարձի Կոչ Կ՛ուղղէ

Սուրիոյ Հարցով Արաբական Յանձնախումբը Օտար Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման Եւ Գաղթականներու Տունդարձի Կոչ Կ՛ուղղէ

Սուրիոյ հարցով արաբական յանձնախումբի` Գահիրէի մէջ Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին մասնակցութեամբ ժողովին ընթացքին միացեալ հաղորդագրութեամբ մը մէջ ընդգծուեցաւ, որ սուրիական տագնապին միակ լուծումը քաղաքականն է: Ժողովին մասնակիցները նաեւ պահանջեցին օտար բոլոր ապօրինի ուժերու Սուրիայէն հեռացումը` միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համահունչ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ շրջանի անվտանգութիւնը պահպանող...

Ուքրանիան Ստանձնած Է Խրիմի Կամուրջը «Ծխահարելու» Պատասխանատուութիւնը

Ուքրանիան Ստանձնած Է Խրիմի Կամուրջը «Ծխահարելու» Պատասխանատուութիւնը

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հաւաստած է, որ Ուքրանիան ռուս բռնագրաւողներու ոչ մէկ յանցագործութիւն անպատասխան պիտի ձգէ, եւ Խրիմի կամուրջի «ծխահարում»-ը ատոր վկայութիւններէն մէկն է: Այս մասին գրած է ԵՈՒՆԻԱՆ-ը: «ՉԿայ օր մը, որ ռուսական չարիքը չստանայ մեր պատասխանը: Շատ պերճախօս ծխահարումը Խրիմի կամուրջին, եւ ոչ միայն ատիկա` այս բոլորը կը վկայեն, որ մենք Ռուսիոյ ոչ մէկ յանցագործութիւն անպատասխան պիտի ձգենք»,...

Էրտողան Ուժանիւթի Նախարարութեան  Կը Հրամայէ Թուրքիոյ Մէջ Կազի  Կեդրոն Ստեղծելու Աշխատանք Տանիլ

Թուրքիան Էրտողան-Փութին Հաւանական Հանդիպումին Ընդառաջ Աշխուժացուցած Է Ուքրանիոյ Եւ Արեւմուտքի Հետ Հաղորդակցութիւնները

Թուրքիան աշխուժացուցած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի հաւանական հանդիպումի նախաշեմին հացահատիկի գործարքի գծով Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ հաղորդակցութիւնները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է դիւանագիտական աղբիւր մը: «Թուրքիան աշխուժացուցած է Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ հացահատիկի գործարքին վերաբերեալ բազմակողմ դիւանագիտական աշխատանքը: Աշխատանք կը տարուի արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ...

Ազրպէյճան Ապրիլ-Յունիս Ամիսներուն  Յաւելեալ 4 Թռիչքներ Կատարած Է Դէպի  Պայթուցիկներու Առաքման Կէտ  Եղող Իսրայէլեան Ռազմակայան

Ազրպէյճան Ապրիլ-Յունիս Ամիսներուն Յաւելեալ 4 Թռիչքներ Կատարած Է Դէպի Պայթուցիկներու Առաքման Կէտ Եղող Իսրայէլեան Ռազմակայան

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը այս տարուան մարտին հրապարակած էր հետաքննութիւն մը, որուն համաձայն, ազրպէյճանական բեռնատար օդանաւերը 2016 թուականէն մինչեւ 2023 թուականի մարտ առնուազն 92 անգամ էջք կատարած են Իսրայէլի «Օվտա» ռազմակայան: Ազրպէյճանական օդանաւերու այդտեղ էջքը ուշագրաւ է, որովհետեւ «Օվտա»-ն, «Հաարեց»-ի համաձայն, Իսրայէլի մէջ միակ օդակայանն է, որուն միջոցով օդային ճամբով պայթուցիկներ կը ներածուին Իսրայէլ կամ այնտեղէն կ՛արտածուին: «Հետք»-ը իր կարգին ուսումնասիրած...

Պատասխանելով Ալիեւի` Թեհրանի Կողմէ  Երեւանին Աջակցելու Մասին Յայտարարութեան`  «Իրան Երբեք Չ՛ամրապնդեր Իր Կապերը  Դրացիի Մը Հետ` Ի Վնաս Միւսին»  Կ՛ըսէ Քենաանի

«Ապտոլլահեան Մօտ Օրէն Ռիատ Պիտի Այցելէ, Եւ Սալման Թագաւորը Նախագահ Ռայիսին Հրաւիրեց Սէուտական Արաբիա Այցելելու» Կ՛ըսէ Քենաանի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի երէկ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան մօտ օրէն պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, եւ աւելցուց, որ Թեհրանի ու Ռիատի յարաբերութիւնները մնայուն զարգացման մէջ են: «Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան մօտ օրէն Ռիատ պիտի այցելէ, սէուտցի պաշտօնատարներու կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրին հիմամբ, եւ մենք երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուած տարբեր նիւթեր ունինք,...

Նիկերի Զինուորական Խորհուրդը Կը Դատապարտէ  ԷՔՕՈՒԱՍ-ի «Անմարդկային Ու Վարկաբեկիչ»  Պատժամիջոցները, Սակայն Բանակցելու Մտադրութիւն Կը Յայտնէ

Նիկերի Զինուորական Խորհուրդը Կը Դատապարտէ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի «Անմարդկային Ու Վարկաբեկիչ» Պատժամիջոցները, Սակայն Բանակցելու Մտադրութիւն Կը Յայտնէ

Նիկերի մէջ յեղաշրջումէն ետք, երկրին իշխող զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, որ մտադիր է «գերագոյն դաւաճանութեան» եւ երկրին «ներքին ու արտաքին անվտանգութեան ականահարման» մեղադրանքներով դատել պաշտօնազրկուած նախագահ Մոհամետ Պազումը: Խորհուրդը յայտնեց, որ իրենք նախագահական պալատը չեն գրաւած, եւ Պազում կը շարունակէ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցելու ազատ ըլլալ «եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները ունի»: Զինուորական խորհուրդը նշեց, որ Պազումի բժիշկը կանոնաւոր կերպով անոր կ՛այցելէ,...

Էրտողան-Փութին Հանդիպումը Օգոստոսի  Վերջաւորութեան Կամ Սեպտեմբերի Սկի՞զբը

Էրտողան-Փութին Հանդիպումը Օգոստոսի Վերջաւորութեան Կամ Սեպտեմբերի Սկի՞զբը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պիտի հանդիպին օգոստոսի վերջաւորութեան կամ սեպտեմբերի սկիզբը: Այս մասին գրած է «Քոմերսանթ»-ը` յղում կատարելով թրքական «Ա հապեր» պատկերասփիւռի կայանին: Կայանի թղթակիցին համաձայն, Էրտողան տակաւին կը սպասէ Ռուսիոյ նախագահին Թուրքիա այցելութեան: Չի բացառուիր, սակայն, Թուրքիոյ նախագահի «ուղեւորութիւնը» Ռուսիա, եթէ Վլատիմիր Փութին մերժէ լքել Ռուսիան: Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը ծրագրեն հանդիպում կատարել օգոստոսի...

Քոհեն. «Իսրայէլ Պաղեստինեան Իշխանութեան  Մօտ Սէուտական Հիւպատոսարան Բանալ Պիտի Չարտօնէ»

Քոհեն. «Իսրայէլ Պաղեստինեան Իշխանութեան Մօտ Սէուտական Հիւպատոսարան Բանալ Պիտի Չարտօնէ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն երէկ յայտնեց. «Իսրայէլ պիտի չարտօնէ Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ սէուտական դիւանագիտական առաքելութիւն բանալ»: Իսրայէլեան «Ի24նիուզ» կայքին համաձայն, այս որոշումը տրուած է Սէուտական Արաբիոյ` Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ Երուսաղէմի մէջ չհաստատուած իր առաջին դեսպանն ու հիւպատոսը յայտարարելէն ետք: Քոհեն աւելցուցած է. «Անոնք մեր արտօնութիւնը խնդրելու կարիքը չունին, մեզի հետ չխորհրդակցեցան եւ ատոր կարիքը չունին, սակայն դիւանագիտական որեւէ...

Կիպրոսի Թուրքերը Յոյս Ունին, Որ Ռուսիան  Պիտի Ճանչնայ Իրենց Անկախութիւնը

Կիպրոսի Թուրքերը Յոյս Ունին, Որ Ռուսիան Պիտի Ճանչնայ Իրենց Անկախութիւնը

Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական իշխանութիւնները յոյս ունին, որ իրենց տարածքին մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական գրասենեակի բացումը ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ Մոսկուայի կողմէ ինքնահռչակ հանրապետութեան «անկախութեան» ճանաչման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հիւսիսային Կիպրոսի փոխադրամիջոցներու նախարար Էրհան Արըքլը: Անոր համաձայն, «Խորհրդային Միութիւնը առաջինն էր, որ 100 տարի առաջ ճանչցաւ թրքական հանրապետութիւնը: Յոյսով ենք, որ նոյնը տեղի պիտի...

Դանիական Խմբաւորում Մը Քոփենհակընի Մէջ  Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Դեսպանատան  Առջեւ Քորանի Օրինակներ Այրած Է

Դանիական Խմբաւորում Մը Քոփենհակընի Մէջ Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Դեսպանատան Առջեւ Քորանի Օրինակներ Այրած Է

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Դանիացի հայրենասէրներ» անունով խմբաւորումի մը անդամները Քոփենհակընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքին առջեւ Քորանի օրինակ մը այրած են, իսկ այլ օրինակ մըն ալ` Իրաքի դեսպանատան առջեւ: Արարքին մասնակիցները իսլամութեան դէմ պաստառներ բարձրացուցած են ու կարգախօսներ բացագանչած: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ. «Սադրիչ արարքները կատարուեցան դանիական ոստիկանութեան հսկողութեան տակ»: Վերջերս Քորանի հրկիզման իրերայաջորդ դէպքեր տեղի ունեցան Շուէտի եւ...

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի.  Միացեալ Նահանգներ Աշխատանք Կը Տանին  Բնականոնացնելու Սէուտական Արաբիոյ  Եւ Իսրայէլի Յարաբերութիւնները

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Աշխատանք Կը Տանին Բնականոնացնելու Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իսրայէլի Յարաբերութիւնները

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը անդրադարձաւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու ապագային, ամերիկեան վարչակազմին անոնց միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացնելու համար ճնշումին, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ նպատակներուն եւ այդ գործարքին իրագործման համար պահանջներուն: «Միացեալ Նահանգներ աշխատանք կը տանին Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու», նշեց բրիտանական օրաթերթը: Ըստ օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ շաբաթ իր ամէնէն մօտիկ խորհրդականներէն մէկը ուղարկած...

Պայտըն Չինաստանը  «Լարուած Ռումբ» Կը Կոչէ

Պայտըն Չինաստանը «Լարուած Ռումբ» Կը Կոչէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Չինաստանը «լարուած ռումբ» կոչած է` անոր դիմագրաւած հետզհետէ աճող տնտեսական մարտահրաւէրներուն պատճառով, եւ նշած, որ երկիրը դժուարութեան մէջ է տնտեսական տկար աճի պատճառով: Այս մասին հաղորդեց «Տը Կարտիըն»-ը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը մատնանշած է Չինաստանի մէջ գործազրկութեան բարձր համեմատութիւնն ու ծերացող աշխատուժը, եւ ըսած. «Չինաստանը դժուարութեան մէջ է»: «Անոնք որոշ խնդիրներ ունին: Ատիկա լաւ չէ, որովհետեւ...

Բանտարկեալներու Փոխանակման Ու Իրանեան  Սառեցուած Գումարներու Ապասառեցման Շուրջ  Ուաշինկթըն-Թեհրան Համաձայնութիւն

Բանտարկեալներու Փոխանակման Ու Իրանեան Սառեցուած Գումարներու Ապասառեցման Շուրջ Ուաշինկթըն-Թեհրան Համաձայնութիւն

Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը 10 օգոստոսին գոյացուցած են համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ երկու կողմերը բանտարկեալներու փոխադարձ ազատ արձակում կը կատարեն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քորէայի մէջ իրանեան գումարներու սառեցման վերջ կը տրուի: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին Հարաւային Քորէայի դրամատուներուն մէջ սառեցուած 6 միլիառ տոլար իրանեան գումարներու ապասառեցման դիմաց: Լաւատեղեակ աղբիւրներ լրատու գործակալութեան շեշտած են,...

Էքօուաս Նիկերի Մէջ Դիւանագիտական  Լուծումը Կ՛ընտրէ, Սակայն  «Ընտրանքները Բաց» Կը Պահէ

Էքօուաս Նիկերի Մէջ Դիւանագիտական Լուծումը Կ՛ընտրէ, Սակայն «Ընտրանքները Բաց» Կը Պահէ

Արեւմտեան Ափրիկէի տնտեսական խմբաւորման` ԷՔՕՈՒԱՍ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները իրենց վճռական զօրակցութիւնը յայտնեցին Նիկերի տագնապի դիւանագիտական լուծման, սակայն աւելցուցին. «Նիկերի վերաբերեալ սեղանի վրայ են բոլոր ընտրանքները, ներառեալ ուժի կիրարկումը իբրեւ վերջին ընտրանք»: Նիկերիոյ մայրաքաղաք Ապուժայի մէջ գումարուած ժողովը նաեւ դատապարտեց յեղաշրջումն ու Նիկերի նախագահ Մոհամետ Պազումի կալանաւորման շարունակութիւնը: Խմբակը յայտնեց, որ պիտի որդեգրէ շարք մը քայլեր, ներառեալ սահմաններու փակում եւ Նիկերի...

Միացեալ Նահանգներու Հաւայ Նահանգին Մէջ  Մեծ Հրդեհներու Պատճառով Զոհեր

Միացեալ Նահանգներու Հաւայ Նահանգին Մէջ Մեծ Հրդեհներու Պատճառով Զոհեր

Միացեալ Նահանգներու Հաւայի նահանգին Մաու կղզիին վրայ յառաջացած անտառային մեծ հրդեհներու պատճառով զոհերու թիւը հասած է 53-ի: Նահանգապետ Ճոշ Կրին ըսած է, որ զոհերու վերջնական թիւը կրնայ գերազանցել 60-ը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Աղէտին պատճառով հեռացուած են հազարաւոր բնակիչներ: Հաւայէն պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Մաուիի զբօսաշրջական Լահայինա քաղաքին հասած հսկայական վնասներու վերաշինութիւնը բազմաթիւ տարիներու...

«Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Հիւպատոսութեան  Բացումը Ռուսիոյ Կողմէ Թրքական  Կիպրոսի Ճանաչում Չէ»  Կ՛ըսէ Էրթուղրուլօղլու

«Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Հիւպատոսութեան Բացումը Ռուսիոյ Կողմէ Թրքական Կիպրոսի Ճանաչում Չէ» Կ՛ըսէ Էրթուղրուլօղլու

Կիպրոսի բռնագրաւեալ հիւսիսային հատուածի` այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Թահսին Էրթուղրուլօղլու մեկնաբանած է այն լուրը, թէ Ռուսիան պիտի սկսի կղզիի հիւսիսային հատուածին մէջ հիւպատոսական ծառայութիւններ մատուցել: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Էրթուղրուլօղլու «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ հարցը արդէն մէկ տարիէ ի վեր օրակարգի վրայ է: «Ասիկա պէտք չէ մեկնաբանուի իբրեւ Ռուսիոյ...

Զիմպապուէի Նախագահը Յայտարարած Է,  Որ Իր Կուսակցութեան Քուէարկողները  «Դրախտի Մէջ Պիտի Յայտնուին»

Զիմպապուէի Նախագահը Յայտարարած Է, Որ Իր Կուսակցութեան Քուէարկողները «Դրախտի Մէջ Պիտի Յայտնուին»

Զիմպապուէի նախագահը հանրահաւաքի ժամանակ իր հազարաւոր կողմնակիցներուն յորդորած է «կայծակնային յաղթանակ» արձանագրել այս ամիս կայանալիք համապետական ընտրութիւններուն` յայտարարելով, որ «ոչ ոք իրենց պիտի խանգարէ այս երկիրը կառավարելու»: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը: Նախագահ Էմըրսըն Մնանկակվան նաեւ ըսած է, որ մարդիկ, որոնք 43 տարիէ ի վեր երկրին իշխող Զիմպապուէի Ափրիկեան ազգային միութիւն` Հայրենասիրական ճակատ կուսակցութեան պիտի քուէարկեն, «դրախտի մէջ պիտի...

Page 194 of 882 1 … 193 194 195 … 882

Արխիւներ