Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Մեծապէս Մտահոգ Է Նիկերի Նախագահին Առողջութեան Եւ Անվտանգութեան Նկատմամբ

Օգոստոս 11, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց. «Մեծապէս մտահոգ ենք Նիկերի կալանաւորուած նախագահ Մոհամետ Պազումի առողջական վիճակով, անոր անձնական անվտանգութեամբ եւ անոր ընտանիքին անվտանգութեամբ»:

Ան նշեց, որ Պազումի առողջական վիճակին նկատմամբ մտահոգութիւնը պատճառներէն մէկն էր, որ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նուլընտը մղեց ապարդիւն կերպով Պազումի հետ հանդիպում ունենալ ջանալու, երբ անցեալ երկուշաբթի օր լուսարձակներէ հեռու այցելեց Նիկեր:

«Ժամանակի անցումով, եւ զինք մեկուսացուած ձեւով կալանաւորելով, կացութիւնը մեզ հետզհետէ աւելի կը մտահոգէ», նշեց Միլլըր:

Ան մերժեց երեքշաբթի օր Պլինքընի` Պազումի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները ներկայացնել:

Յիշեցնենք, որ 26 յուլիսին նախագահական պահակագունդը նախագահը իր նստավայրին մէջ ձերբակալելով յեղաշրջում կատարած էր:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր կարգին յայտարարեց, որ Նիկերի նախագահի կալանաւորման պայմաններուն նկատմամբ շատ մտահոգ է, եւ կոչ ուղղեց` զինք ազատ արձակելու:

Կութիերես դատապարտեց «ապրելակերպի այն վատ պայմանները, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ նախագահ Պազումն ու անոր ընտանիքը կ՛ապրին»:

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի, յեղաշրջումի հեղինակները զինք մեկուսացուցած են եւ կը ստիպեն չոր բրինձ ու իտալական խմորեղէն ուտել` նշելով, որ Պազում իր բարեկամներէն մէկուն հետ շարք մը կարճ հեռաձայնային նամակներու ճամբով յայտնած էր, որ ուրբաթ օրուընէ ի վեր իրեն արգիլուած է որեւէ մարդու հետ կապ հաստատել, ինչպէս նաեւ իրեն կերակուր կամ դեղ չի տրամադրուիր:

Միւս կողմէ, Նիկերի զինուորական ղեկավարները Ֆրանսան մեղադրած են երկրի օդային տարածք մտնելու արգելքը խախտելու յանցանքով:

Ալգելքը յայտարարուած էր երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցած յեղաշրջումէն ետք` Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու վեհաժողովի նախօրեակին:

Ռազմական խունթայի «Հայրենիքի պաշտպանութեան ազգային խորհուրդ»-ի բանբեր Ամատու Ապտարման յայտնած է, որ ֆրանսական ուժերը «միակողմանի կերպով ազատ արձակած են ձերբակալուած ահաբեկիչները» եւ Չատի մայրաքաղաք Նճամենայէն օդ բարձրացուցած զինուորական օդանաւ մը, որ «մեր օդային տարածք մտնելէ ետք դիտումնաւոր կերպով դադրեցուցած է օդային երթեւեկութեան հսկողութեան հետ կապը»:

Ֆրանսայի կառավարութիւնը հերքած է Նիկերի իրողական ղեկավարութեան մեղադրանքները:

Նիկերի մէջ զինուորական խորհուրդը երէկ 21 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութիւնը յայտարարեց:

 

 

Նախորդը

Էքուատորի Մէջ Հանրահաւաքէն Ետք Նախագահի Թեկնածու Սպաննուած Է

Յաջորդը

Ուքրանական 11 Անօդաչու Թռչող Սարքեր Փորձած Են Յարձակիլ Սեւասթոփոլի Վրայ, Իսկ 2 Ուրիշներ` Մոսկուայի Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?