Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան շուրջ ժամ 2:20-ին Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն օդային յարձակում գործած է Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող կարգ մը կէտերու վրայ:
Սուրիոյ պետական լրատու գործակալութիւնը նաեւ նշեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են յարձակումին եւ վնասազերծած իսրայէլեան հրթիռներէն մէկ քանին:
Յարձակումին պատճառով սուրիացի չորս զինուորներ զոհուած են եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ նիւթական որոշ վնաս արձանագրուած է:


