Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժետտայի Մէջ Ուքրանիոյ Հարցով Ժողովը Կ՛որոշէ Խաղաղութեան Հասնելու Համար Խորհրդակցութիւնը Շարունակել

Օգոստոս 8, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ 5-6 օգոստոսին Ուքրանիոյ տագնապի լուծման շուրջ առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան խորհրդակցական ժողովի մասնակիցները համաձայնութիւն գոյացուցին «խաղաղութեան ճամբան հարթող հասարակաց ենթահող գտնելու համար խորհրդակցութիւնը շարունակելու»:

Սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թագաւորութիւնը աւելի քան 40 պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ազգային անվտանգութեան խորհրդատուներու եւ ներկայացուցիչներու ժողով մը հիւրընկալած է:

Ժողովին մասնակցած էին Թուրքիան, Արժանթինը, Աւստրալիան, Պրազիլը, Պուլկարիան, Քանատան, Չիլին, Չինաստանը, Քոմորեան կղզիները, Չեխիան, Դանիան, Եգիպտոսը, Էսթոնիան, Եւրոպական յանձնաժողովը, Եւրոպական խորհուրդը, Ֆինլանտան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Հնդկաստանը, Ինտոնեզիան, Իտալիան, Ճափոնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Լաթվիան, Լիթուանիան, Նետերլանտները, Նորվեկիան, Լեհաստանը, Քաթարը, Քորէան, Ռումանիան, Սլովաքիան, Հարաւային Ափրիկէն, Սպանիան, Շուէտը, Ուքրանիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Բրիտանիան, Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը նախապէս` լաւատեղեակ աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդած էր, որ Ժետտայի մէջ քննարկումները պիտի կեդրոնանան 10 կէտերու վրայ, որոնցմէ են պարէնի եւ ուժանիւթի անվտանգութիւնը, գերիներու փոխանակումը, միջավայրի անվտանգութեան խնդիրները եւ պատերազմական ոճիրներու դատարանի կազմութիւնը:

Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնած էր, որ Ուքրանիոյ հարցով Ժետտայի ժողովը յաջողութեան առիթ մը չէ, որովհետեւ տագնապի երկու կողմերուն մասնակցութեամբ չի գումարուիր` աւելցնելով. «Թշնամին պէտք է ծունկի գալով ողորմութիւն խնդրէ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիան Ռուսիոյ յայտնած է, որ Մոսկուան տեղեակ պիտի պահէ ժողովի արդիւնքներէն:

Զախարովա. «Մոսկուան Դրական Տրամադրուած Է
Ուքրանական Ճգնաժամի Դիւանագիտական Լուծման Համար»

«Ռուսիան դրական տրամադրուած է ուքրանական ճգնաժամի դիւանագիտական լուծման համար եւ պատրաստ է արձագանգել խաղաղութեան հաստատման ուղղուած որեւէ լուրջ առաջարկի», երէկ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Ան նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ Մոսկուան համոզուած է, որ «հարցի համապարփակ, կայուն եւ արդարացի լուծումը կարելի է միայն այն պարագային, երբ Քիեւի վարչակազմը դադրեցնէ զինուորական գործողութիւններն ու ահաբեկչական յարձակումները, իսկ անոր արեւմտեան հովանաւորները վերջ տան զէնքի ծաւալուն մատակարարումներուն»:

Զախարովա նաեւ կը պնդէ, որ խաղաղութիւնը կարելի է, եթէ հաստատուին Ուքրանիոյ գերիշխանութեան սկզբնական հիմերը` «չէզոք, դաշինքներէ դուրս, ոչ հիւլէական կարգավիճակը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Զելենսքիի խաղաղութեան տարազի կէտերը տագնապի խաղաղ լուծման պիտի չյանգեցնեն»` աւելցնելով. «Պատրաստ ենք ուքրանական տագնապին վերջ տալու լուրջ առաջարկներու արձագանգելու»:

Նախորդը

Սէուտական Ռազմարդիւնաբերական Ընկերութիւն Մը Թրքական «Պայքար» Ընկերութեան Հետ Ռազմավարական Համաձայնութիւն Կնքած Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?