Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա սպասուող այցելութեան թուականը յստակացնելու բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ այս պահուն Ռուսիոյ նախագահի` Թուրքիա ակնկալուող այցելութեան թուականը տակաւին յստակ չէ:
Ան նշած է, որ կողմերը այդ հարցով բանակցութիւնները կը շարունակեն:
«Թուականը յայտնի չէ, սակայն արտաքին գործոց նախարարը եւ հետախուզական կազմակերպութեան ղեկավարը բանակցութիւններ կը վարեն», ըսած է Էրտողան:
Ան յոյս յայտնած է, որ իր ռուս պաշտօնակիցը Թուրքիա պիտի այցելէ օգոստոսին:
Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը կը սպասուի օգոստոսի վերջին շաբթուան ընթացքին:
Նշեալ աղբիւրներուն համաձայն, Ռուսիոյ ղեկավարի եւ անոր թուրք պաշտօնակիցի բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի ըլլան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները, հացահատիկի գործարքի վերականգնումը, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:


