Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելով Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական քարտէս պատրաստելու ծրագիր»-ը նշեց` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրը շրջանը վերադասաւորման պիտի ենթարկէ, սակայն մեծ խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ:
Օրաթերթը յայտնեց, որ Ուաշինկթընի եւ Ռիատի միջեւ ամիսներու վրայ երկարած մագոգային դիւանագիտութենէն ետք, Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ այդ միջոցով շրջանի քաղաքական քարտէսը վերադասաւորելու Պայտընի վարչակազմի մեծ ծրագիրի ձեւը սկսած է երեւիլ:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը գրէ, որ Սէուտական Արաբիան թերեւս Իսրայէլի հետ պաշտօնական յարաբերութիւնները կը հաստատէ, ինչ որ կ՛ամրապնդէ իսլամական այլ երկիրներու` անոր օրինակին հետեւելու յոյսերը, եւ փոխարէնը Ռիատին կ՛ապահովէ ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն եւ քաղաքային հիւլէական անոր ծրագիրին ամերիկեան պաշտպանական օժանդակութիւն:
«Նշուած պայմաններէն մէկը այն է, որ Սէուտական Արաբիան կ՛ուզէ, որ Իսրայէլ պաղեստինցիներու պետութիւն հաստատելու ձգտումներուն նկատմամբ զիջումներ կատարէ, որմէ ետք շրջանային երկու ուժերը (Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը) պիտի աշխուժացնեն երկկողմանի ապահովական անուղղակի գործակցութիւնը», կը նշէ բրիտանական օրաթերթը:
«Այս գործարքը Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքականութեան արդի պատմութեան կարեւորագոյն գործարքներէն մէկը պիտի դառնայ, որովհետեւ Իսրայէլ պիտի ստանայ սիւննի իսլամական աշխարհի ղեկավարներէն մէկուն ու իսլամութեան մէջ երկու սրբազան վայրերու հոգատարի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պարգեւը», կը գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»:
Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ ատիկա Պայտընի համար արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր յաղթանակ մը պիտի կազմէ, մինչ կ՛աշխուժացնէ 2024-ին իր վերընտրուելուն ջանքերը, ինչպէս նաեւ պիտի բաւարարէ Միացեալ Նահանգներու մէկ ռազմավարական փառամոլութիւնը` այլ վայրերու մէջ առաջնահերթութիւններու նկատմամբ իր աշխատանքին մէջ:
«Իսրայէլի եւ անոր արաբ դրացիներուն միջեւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատումը աւելի քան կէս դարէ ի վեր կը հետաքրքրէ ամերիկացի նախագահները, սակայն նաեւ դասուած է Պայտընի շարք մը նախորդներուն արտաքին քաղաքականութեան մէջ ականաւոր ձեռքբերումներուն շարքին», կ՛եզրափակէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»: