Հացահատիկի գործարքէն դուրս գալէ ետք, Ռուսիան հետզհետէ աւելի ստիպուած կ՛ըլլայ օգտագործել «ստուերային նաւատորմիղ»-ը` հին եւ փոքր նաւերը, որոնք կը շահագործուին քիչ յայտնի սեփականատէրերու կողմէ, գիւղատնտեսական ապրանքներ արտածելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ծովային տասը ապահովագրողներու, առեւտրականներու եւ բեռնափոխադրող ընկերութիւններու հետ զրոյցներու ընթացքին ձեռք բերուած տուեալները:
Նաւագնացութեան ոլորտին մէջ երեք աղբիւրներ գործակալութեան յայտնած են, որ թրքական ու չինական ընկերութիւնները սովորաբար կը շահագործեն ռուսական «ստուերային նաւատորմիղ»-ը:
Ըստ «Շիփֆիքս» հարթակին, յուլիսին Ռուսիան սկսած է աշխուժօրէն նաւեր վարձել փոքր կազմակերպութիւններէ, որոնց հետ միջազգային մեծ առեւտրականները չեն աշխատիր: Գիւղամթերքներու արտածման համար նաւերու վարձակալման ռուսական դիմումներու թիւը յուլիսին աճած է 40 առ հարիւրով` հասնելով 257-ի:
Երեք աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սեւ ծովու նաւահանգիստներ մեկնող ռուսական նաւերու ապահովագրութիւնը Ռուսիոյ ամէն օր տասնեակ հազարաւոր տոլարներ կ՛արժեն:
Կը նշուի, որ վերջին օրերուն Սեւ ծովուն մէջ զինուորական գործողութիւններու աշխուժացման պատճառով ապահովագրութեան գինը աճած է: Կացութեան ծանօթ աղբիւրը «Ռոյթըրզ»-ին ըսած է, որ նաւերու սեփականատէրերը ռուսական ապրանքներու տեղափոխման համար 10 հազար տոլար աւելի կը պահանջեն, քան Պուլկարիայէն եւ Ռումանիայէն ապրանքներու նմանատիպ բեռնափոխադրումներու համար:
Ռուսիոյ Հացահատիկ արտածողներու միութեան ղեկավար Էտուարտ Չեռնին լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ բեռնափոխադրումներու եւ ապահովագրութեան ծախսերու աճը կրնայ յանգեցնել գիւղատնտեսական ապրանքներու համաշխարհային գիներու բարձրացման: Երկու անանուն աղբիւրներ գործակալութեան յայտնած են, որ Սեւ ծովուն մէջ մագլցումը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի յանգեցնէ Ռուսիայէն հացահատիկի արտածման նուազման:
Ռուսիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ 2023-24 եղանակին կը նախատեսէ ռուսական հացահատիկի արտածման 8 առ հարիւրի անկում` նախորդ եղանակին համեմատ: Չեռնին նախատեսած է արտածման 44-45 միլիոն թոնով անկում:
«Ռոյթըրզ», յղում կատարելով «ՎեսըլզՎալիու»-ին, նշած է, որ ռուսական շահագործուող 31 նաւերէն շատերու տարիքը աւելի քան 30 է, որ կը դժուարացնէ որոշ նաւահանգիստներ մուտքը, ուր պահանջները կը խստացուին` նաւու տարիքին համեմատ: