Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի հետախուզութեան պետ, գնդապետ-զօրավար Իսմայիլ Կիւնայտըն այցելած է Ազրպէյճան: Ան երէկ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի սպայակոյտի պետե պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, գնդապետ-զօրավար Քերիմ Վելիեւի հետ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին կողմերը յատուկ նշած են երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը եւ զինուորական հետախուզութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ քննարկուած են զինուորական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: