Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ դիւանագիտութիւնը Նիկերի մէջ յեղաշրջումին պատճառած տագնապի լուծման «լաւագոյն ուղին» է:
«Հաստատօրէն դիւանագիտութիւնը այս կացութիւնը լուծելու լաւագոյն ուղին է: Այս է Արեւմտեան Ափրիկէի պետութիւններու տնտեսական խմբաւորման ընթացքը, այս է մեր ընթացքը, եւ մենք կը զօրակցինք սահմանադրական կարգի վերականգնման համար ԷՔՕՈՒԱՍ-ի ջանքերուն», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` ակնարկելով Արեւմտեան Ափրիկէի ղեկավարներու հինգշաբթի օր Նիկերի կացութիւնը քննարկելու համար վեհաժողով գումարելու նախաձեռնութեան:
Պլինքըն հրաժարած է մեկնաբանել Նիկերէն ամերիկացի զինուորներու հաւանական հեռացումը:
Նախապէս Նիկերի մէջ յեղաշրջումի հեղինակներուն հետ բանակցութիւններ վարած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալի պաշտօնակատար Վիքթորիա Նուլընտ:
Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրները հինգշաբթի օր Նիկերիոյ Ապուժա քաղաքին մէջ պիտի հանդիպին` քննարկելու Նիկերի ճգնաժամը:
Մինչ այդ, Նիկերի մէջ յեղաշրջում կատարած զինուորականները երկուշաբթի գիշեր պետական պատկերասփիւռի կայանէն կարդացուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեցին, որ Ալի Ամին Զէյնը նշանակած են երկրի վարչապետ:
Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի անդամ երկիրներու բանակներու սպայակոյտերու պետերը համաձայնած են Նիկերի մէջ հաւանական զինուորական միջամտութեան համար 25 հազար զինուորներէ կազմուած ուժ մը յառաջացնել: