Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններէն լաւատեղեակ իսրայէլեան աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած է. «Իսրայէլ եւ Համաս գերիներու փոխանակման գործարքի կէտերուն մեծամասնութեան շուրջ սկզբունքային փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացուցին»:
Աղբիւրը նշած է, որ գործարքին տեւողութիւնը 35 օր է, որուն ընթացքին Կազա պահուող իսրայէլացի գերիները ազատ պիտի արձակուին` պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները Կազա հասցնելու դիմաց:
«Համաձայնութիւն գոյացաւ ազատ արձակուելիք պաղեստինցի գերիներու թիւին շուրջ, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան անոնց ինքնութեան շուրջ», աւելցուցած է աղբիւրը:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդը Կազայի մէջ պատերազմի յաջորդող օրը քննարկեց, առանց որոշումներ տալու»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Կը նախատեսուի, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ յառաջիկայ օրերուն Եւրոպայի մէջ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Տաւիտ Պառնաղի, եգիպտացի պաշտօնակից Ապպաս Քամելի եւ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ ժողով գումարէ` քննարկելու համար Համասի մօտ գտնուող մնացեալ գերիներու ազատ արձակման ապահովման համաձայնութիւն մը»:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, այդ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ, մինչ աշխուժ քննարկում տեղի կ՛ունենայ գերիներու ազատ արձակումը Կազայի մէջ կռիւի դադրեցման կապող արժեչափերուն շուրջ:
Սպիտակ տան Միջին Արեւելքի հարցով համակարգող Պրեթ Մքկըրք այս շաբաթ այցելած էր Գահիրէ եւ Տոհա` շարունակելու համար գերիներու ազատ արձակման շուրջ քննարկումները:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք մտահոգութիւն յայտնեց «ներկայիս պաշարուած պաղեստինեան Կազայի հարաւը ընթացող պատերազմի կեդրոնը եղող Խան Եունես քաղաքին մէջ քաղաքայիններու թշուառ կացութեան նկատմամբ»` Իսրայէլին կոչ ուղղելով մարդասիրական նկատառումներով դադրեցնելու կրակոցը:
«Նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը կանոններու ենթակայ է, եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքը կիրարկելի է նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ», նշեց գերմանական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Իսրայէլ պէտք է աշխարհի այլ պետութիւններուն նման յարգէ զայն նոյնիսկ պայմաններուն մէջ ներկայ դժուար կացութեան, երբ Համաս բոլոր կանոնները կ՛ոտնահարէ եւ մարդիկը իբրեւ կենդանի վահաններ կ՛օգտագործէ»:
«Իսրայէլ պէտք է հրատապ կերպով աւելցնէ Կազա մարդասիրական օժանդակութեան առաքումը եւ իր գործողութիւնները պատշաճեցնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նաեւ մարդասիրական զինադուլի կարիք ունինք` ազատ արձակելու համար Համասի մօտ պահուող իսրայէլացի բոլոր գերիները»:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ կնքած են զէնքի վաճառքի մեծ համաձայնութիւն մը, որ Թել Աւիւին «ԷՖ-35» եւ «ԷՖ-15 Էյ.Այ.» հալածիչներու մատակարարում կը ներառէ: Փենթակոնը նշեց, որ «իսրայէլեան այդ լրատուական տեղեկատուութեան չէ ծանօթացած»:
Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ-ը) երէկ յայտարարեց. «Աշխարհին եւ (ՄԱԿ-ի) Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղենք` կասեցնելու Կազայի մէջ ապահովական գօտիի ստեղծման (Իսրայէլի) քայլերը»:


