Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կութիերես. «7 Հոկտեմբերի Յարձակումին Մեղսակից ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի 12 Պաշտօնեաներէն 9-ը Գործէ Արձակեցինք»

Յունուար 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նուիրատու երկիրներուն կոչ ուղղեց` երաշխաւորելու (ՄԱԿ-ի) Պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան եւ աշխատանքի գործակալութեան (ՈՒՆԵՐՈՒԱ) աշխատանքներու շարունակականութիւնը: Նուիրատու երկիրներէն շատեր առկախեցին իրենց ֆինանսաւորումը, երբ Իսրայէլ գործակալութենէն պաշտօնեաներ ամբաստանեց 7 հոկտեմբերին պաղեստինեան Համաս շարժումի շղթայազերծած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան մեղսակցութեան մէջ:

«Մինչ կը հասկնամ անոնց մտահոգութիւնը, եւ ես եւս զարհուրեցայ այդ ամբաստանութիւններէն, իրենց նպաստները դադրեցուցած կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ` առնուազն երաշխաւորելու ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի գործողութիւններու շարունակութիւնը», ըսաւ Կութիերես` աւելցնելով. «Քստմնելի արարքները, որոնք այդ պաշտօնեաները կրնան գործած ըլլալ, պէտք է հետեւանքներ ունենան: Սակայն պէտք չէ պատժել տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ու կիներ, որոնք ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի համար կ՛աշխատին, անոնցմէ ոմանք մարդասիրական մարզին մէջ ամէնէն վտանգաւոր կացութեան մէջ կ՛աշխատին», ըսաւ ան:

«Կազայի մէջ երկու միլիոն քաղաքայիններ կախեալ են իրենց վերապրման համար կենսական եղող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի օժանդակութիւններէն, սակայն ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ներկայ ֆինանսաւորումը պիտի չարտօնէ փետրուարին անոնց բոլոր կարիքները բաւարարել», շեշտեց Կութիերես:

«7 հոկտեմբերին Իսրայէլի դէմ յարձակումին մեղսակից ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի 12 պաշտօնեաներէն 9-ը գործէ արձակեցինք», նշեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Իտալիա, Աւստրալիա եւ Ֆինլանտա յայտարարած էին, որ իսրայէլեան պնդումներուն պատճառով կը սառեցնեն ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը:

Համաս շարժումը բուռն կերպով դատապարտեց Իսրայէլի` «մեր ժողովուրդի օժանդակութեան նպաստող ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն, ներառեալ Միջազգային առողջապահութեան գործակալութեան եւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դէմ գրգռութիւնը»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Աշխատանք պիտի տանինք երաշխաւորելու, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն Կազայի մէջ պատերազմին յաջորդող օրը գոյութիւն չունենայ»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու բանագնացները պատրաստած են հաւանական համաձայնութեան մը նախագիծը, որ կը միախառնէ Իսրայէլը եւ Համասի առաջարկները:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նշեալ գրաւոր նախագիծը Փարիզի մէջ ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի, եւ կրնայ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին յանգեցնել կնքմանը իսկական համաձայնութեան մը, որ տագնապին մէջ շրջադարձ կը յառաջացնէ:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթեթին համաձայն, բանագնացները զգուշաւոր կերպով լաւատես են, թէ վերջնական համաձայնութիւն մը հասանելի է` նշելով, որ տակաւին գոյութիւն ունին կարեւոր տարակարծութիւններ:

Նշենք, որ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը 27 յունուարին հաղորդած էր, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը «յառաջիկայ օրերուն Փարիզի մէջ» հանդիպում պիտի ունենայ Եգիպտոսէն, Իսրայէլէն ու Քաթարէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` փորձելով Կազայի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: ԱՖՓ-ին այս մասին յայտնած է բանակցութիւններու մասնակից պետութենէ մը ապահովական աղբիւր մը:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, թէ եգիպտացի պաշտօնատարներ հաղորդած են, որ Կազայի մէջ 4 ամիս տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման եւ Իսրայէլի բոլոր գերիներու ազատ արձակման շուրջ ծրագիր մը կամ առաջարկ մը ներկայացուած է:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի համաձայն, նշեալ ծրագիրը կ՛առաջարկէ նախ եւ առաջ 6 շաբաթ տեւողութեամբ պատերազմի նախնական դադրեցում, որպէսզի առիթ ընծայուի իսրայէլացի մանուկ, կին եւ տարեց գերիներու ազատ արձակման, որուն դիմաց ալ Իսրայէլ մեծաթիւ պաղեստինցի բանտարկեալներ ազատ կ՛արձակէ եւ Կազա յաւելեալ օժանդակութիւններու մուտք գործումը կ՛արտօնէ:

Յաջորդ փուլին Համաս ազատ կ՛արձակէ իսրայէլացի կին զինուորներ, ապա զինուորներ ու գերիներու դիակներ:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռին համաձայն, իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Համաս կը շարունակէ բանակցութիւններուն մէջ կարծր կեցուածք որդեգրել, սակայն աւելցուցած են, որ յոյսեր կապուած են Փարիզի ժողովին, որուն պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Իսրայէլի հետախուզութիւններու պետերը:

Իսրայէլացի պաշտօնատարները նշած են, որ Համաս կառչած կը մնայ պատերազմի դադրեցման եւ իսրայէլեան ուժերու Կազայէն հեռացման պահանջին, ինչ որ Իսրայէլի համար կարմիր գիծ է: Ըստ անոնց, «Քաթարն ու Եգիպտոսը պէտք է աւելի ստեղծագործ ըլլան»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Համասի առնչակից տարրեր կրցած են քաղաքային վերահսկողութիւն հաստատել հիւսիսային Կազայի մէջ շրջաններու վրայ, որոնք կրնան յանգեցնել «Իսրայէլի ձեռքբերումներու քայքայման»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» իր կարգին հաղորդեց, որ ամերկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ կը հաստատեն, որ Կազայի մէջ Համասի փապուղիներու շուրջ 80 առ հարիւրը զանոնք քանդելու Իսրայէլի` շաբաթներու վրայ երկարող փորձերէն ետք տակաւին կանգուն են:

Նեթանիահու. «Յանձնառու Ենք Պատերազմի
Բոլոր Նպատակներու Իրագործման»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ յանձնառու է իրագործելու Կազայի մէջ պատերազմին յայտարարուած բոլոր նպատակները` Համասը ոչնչացնելը, բոլոր առեւանգեալները վերադարձնելն ու երաշխաւորելը, որ Կազան այսուհետեւ Իսրայէլի սպառնալիք մը պիտի չըլլայ:

«Այլ ելք չունինք, քան ամբողջական յաղթանակը, նոյնիսկ եթէ ատիկա ժամանակ խլէ. չենք կրնար այդ առաքելութենէն հրաժարիլ», ըսաւ ան:

«Ինչ կը վերաբերի Քաթարին, ապա ըսած որեւէ խօսքէս ետդարձ չեմ կատարեր, որովհետեւ Տոհան կը հիւրընկալէ Համասի ղեկավարները, կը ֆինանսաւորէ զայն եւ կրնայ անոր վրայ ճնշում բանեցնել», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:

«Ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը ունինք, եւ ոչ ոք կրնայ ատիկա մեզի արգիլել: Պէտք է հետաքննութիւններ կատարել պատերազմէն ետք եւ ոչ թէ անոր բարձրակէտին ժամանակ, եւ սպաներն ու քաղաքագէտները հիմա փաստաբաններ փնտռելով չզբաղին», ըսաւ Նեթանիահու:

Նախորդը

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Վճիռէն Ետք. Չորեքշաբթի Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?