ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Ամիր Սայիտ Իրուանի յայտնեց. «Իրան կապ չունի շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ կատարուած յարձակումներուն հետ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց. «Դիմադրութեան ուժերը մեզմէ հրամաններ չեն ստանար եւ պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու իրենց որոշումները կու տան անկախ կերպով»:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միքայէլ Հերցոկ յայտարարած է. «Յորդանանի մէջ վերջին յարձակումը ցոյց կու տայ, թէ Իրանը շրջանին մէջ կայունութիւնը քայքայող հիմնական կողմն է»:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ Յորդանանի հիւսիսը Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող «Աշտարակ 22» դիրքին վրայ կիրակի օրուան յարձակումին պատճառով վիրաւորուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը բարձրացած է 34-ի: 8 վիրաւորներ Յորդանանէն այլուր փոխադրուած են յառաջադէմ առողջապահական խնամք ստանալու համար:
Հրամանատարութիւնը նշեց, որ յարձակումը կատարուած է յորդանանեան պաշտպանական ցանցի «Աշտարակ 22» դիրքին վրայ, որ գումակային աջակցութեան ռազմակայան մըն է, ուր ցամաքային ուժերու եւ օդուժի շուրջ 350 զինուորներ «աջակցութեան առաքելութիւն» կը կատարեն:
Յորդանանի կառավարութիւնը դատապարտեց «ահաբեկչական յարձակում»-ը` նշելով, որ յորդանանեան ուժերու շարքերը վնասներ չեն կրած:
«Յորդանան պիտի շարունակէ դիմակայել ահաբեկչութեան, Սուրիոյ սահմաններէն Յորդանան թմրեցուցիչի եւ զէնքի մաքսանենգման վտանգը, եւ ամենայն վճռականութեամբ ու կարողութեամբ դէմ պիտի կանգնի բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն թագաւորութեան անվտանգութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարել», նշեց յորդանանեան կառավարութեան բանբեր Մուհաննատ Մուպայտին:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն իր կարգին յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք այն յարձակումները, զորս Իրանի դաշնակից միլիսները կը գործեն ամերիկեան ուժերուն վրայ»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կիրակի օրուան յարձակումէն ետք խոստացաւ հաշուետուութեան ենթարկել յարձակումին պատասխանատուները` նշելով, որ իրենք գիտեն յարձակումին հեղինակները, որոնք Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներ են եւ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ կը գործեն:
«Մի՛ կասկածիք. մենք բոլոր պատասխանատուները պատասխանատուութեան պիտի ենթարկենք մեր ընտրած ժամանակին եւ ձեւով», ըսած էր Պայտըն:
Փենթակոնի ղեկավար Լոյտ Օսթին իր կարգին հաստատեց. «Մենք պիտի պատասխանենք»:
Փենթակոն իր կարգին յայտարարեց. «Այն, ինչ որ Յորդանանի մէջ մեր զինուորներուն դէմ կատարուեցաւ, վտանգաւոր մագլցում է»:
Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի երէկ յայտնեց. «Կը կարծենք, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի փաղանգները կը կանգնին երէկ Յորդանանի մէջ գործուած յարձակումին ետին»:
«Պլումպըրկ», յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի վրայ յարձակումի արձագանգման տարբերակներու շարքին Միացեալ Նահանգներ չեն բացառեր Իրանի դէմ գաղտնի գործողութեան կարելիութիւնը:
Գործակալութեան տուեալներով` յարձակումը յառաջ պիտի բերէ Ուաշինկթընի աւելի վճռական արձագանգը, որ իր տարողութեամբ պիտի գերազանցէ Կազայի մէջ տագնապին սկիզբէն ետք անոր ձեռնարկած արձագանգը:
Հաւանական գործողութիւններու շարքին գործակալութիւնը նշած է գաղտնի գործողութիւնը, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներ պիտի հարուածեն Իրանը, եւ գործողութեան իրենց մասնակցութեան մասին պիտի չյայտարարեն: Միացեալ Նահանգներ կրնան նաեւ ուղղակի յարձակումներ կազմակերպել իրանցի պաշտօնատարներու դէմ:
«Պլումպըրկ» կը գրէ, որ անկախ այն բանէն, թէ Ուաշինկթըն ի՛նչ պիտի ձեռնարկէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ամէնէն կարեւոր որոշումներէն մէկը պէտք է տայ: Գործակալութեան կարծիքով` ատիկա կրնայ յանգեցնել Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ուղիղ ճակատման:
Միւս կողմէ, հուսիներու ղեկավարութեամբ եմէնեան զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ իրենց ծովուժը կիրակի գիշեր հրթիռ մը արձակած է ամերիկեան ծովուժին պատկանող «Լուիս Պի. փուլլըր» նաւուն ուղղութեամբ, որ Ատենի ծոցին մէջ կը նաւարկէր:
Ան յայտնեց, որ նշեալ նաւուն առաքելութիւնը գումակային աջակցութիւն տրամադրել էր ամերիկեան ուժերուն, «որոնք կը մասնակցին մեր երկրին դէմ յարձակումին, եւ թիրախաւորումը մաս կը կազմէ եմէնեան զինեալ ուժերու որդեգրած զինուորական քայլերուն, առ ի պաշտպանութիւն սիրելի Եմէնի եւ առ ի հաստատում անիրաւուած պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցելու որոշումին»:
Սարիհ նշեց, որ եմէնեան զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն իսրայէլեան նաւերուն կամ դէպի Իսրայէլ ուղղուող նաւերուն նաւարկումը արգիլելու որոշումը գործադրել մինչեւ որ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցուի եւ Կազայի պաղեստինցի ժողովուրդին պաշարումը վերցուի:


