Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն. «Եթէ Ռուսիան Յաղթէ, Եւրոպան Պիտի Մնայ Առանց Անվտանգութեան Գործող Ճարտարապետութեան, Ինչ Որ Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ Նաեւ Կովկասի Մէջ»

February 1, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է համարձակ որոշումներ տայ` պաշտպանելու Ուքրանիան` կանխարգիլելով այդ երկրին իր զինուորական աջակցութիւնը դադրեցնելու կամ նուազեցնելու Միացեալ Նահանգներու որեւէ որոշում:

«Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ Մաքրոն այս մասին ըսած  է Շուէտի մէջ` ընդգծելով, որ Եւրոպայի ապագայ անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը, ներառեալ եւրոպական տարածքը ընդգրկող սպառազինութիւններու վերահսկման համաձայնագիրները, այլեւս չեն կրնար իրագործուիլ միայն Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կողմէ, եւ Եւրոպան պէտք է իրաւունք ունենայ իր ապագան որոշելու:

Մաքրոն, սակայն, պնդած է, որ եթէ Եւրոպան իսկապէս արագացնէ քայլերը եւ օգնէ կանխարգիլել Ռուսիոյ յաղթանակը, Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-ի միջոցով այլեւս չեն կրնար մենաշնորհ ունենալ Մոսկուայի հետ ապագայ յարաբերութիւնները որոշելու հարցին մէջ:

Ան Շուէտի պաշտպանութեան ակադեմիային մէջ Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոնի հետ խօսք արտասանելով ըսած է. «Ասիկա վճռական պահ է Եւրոպայի համար: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք գործելու` պաշտպանելու եւ աջակցելու Ուքրանիոյ այն ամէնով, ինչ որ անհրաժեշտ է, եւ անկախ անկէ, թէ Ամերիկան ի՛նչ կ՛որոշէ: Եւրոպան բախտ ունեցած է ունենալ Ամերիկայի պէս գործընկեր, սակայն մենք պէտք է յստակ ըլլանք: Ուքրանիան եւրոպական ցամաքամասին մէկ մասն է, եւ Ամերիկան ինչ որ ալ որոշէ, մենք պէտք է ճիշդ եւ համարձակ որոշումներ տանք` աջակցելու Ուքրանիոյ եւ ուքրանացի ժողովուրդին»:

Մաքրոնի պնդումով, Եւրոպան պէտք է տարիներ շարունակ ընէ այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է եւ ինչ գինով ալ ըլլայ, որպէսզի Ռուսիոյ համար անկարելի դարձնէ յաղթանակը: Ֆրանսայի նախագահին համոզումով, եթէ ատիկա տեղի ունենայ, Եւրոպան պիտի մնայ առանց անվտանգութեան գործող ճարտարապետութեան, որ հետեւանքներ պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի արեւելեան թեւին մէջ, Կովկասի մէջ եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ:

«Կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ Ռուսիոյ յաղթանակին իրական գինը չափազանց մեծ է բոլորիս համար», ըսած է Մաքրոն:

Ան նշած է, որ Եւրոպայէն պիտի պահանջէ մեծցնել սեփական պաշտպանական արտադրութեան ջանքերը, որպէսզի Ուքրանիան կարենայ կայուն խաղաղութեան բանակցութիւններ վարել:

 

Նախորդը

Թիկնիզեան 2 Կոլ Նշանակեց

Յաջորդը

Հուսիները Յարձակած Են Ամերիկեան «Կրէյվլի» Ռազմանաւին Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած  Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող  Հրամանագիր Մը Ստորագրեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

October 19, 2026
Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն  Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած

October 19, 2026
Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ»  Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին`  Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան
Միջազգային

Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ» Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին` Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.