Էրտողան պաշտօնապէս հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումի վաւերացման: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Թուրքիոյ խորհրդարանը երեքշաբթի, 23 յունուարին քուէարկած էր ի նպաստ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումի վաւերացման: 346 երեսփոխաններէն 287-ը թեր քուէարկած էին, 55-ը` դէմ, 4-ը` ձեռնպահ:
Այժմ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէն կը մնայ միայն Հունգարիան, որ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը չէ վաւերացուցած:
Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոն պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպելու իր հունգարացի պաշտօնակից Վիքթոր Օրպանի հետ` ընդառաջելով Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցը քննարկելու վերջինիս հրաւէրին:
Քրիսթերսոն յայտնեց. «Հունգարական խորհրդարանին մէջ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումի վաւերացումը երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ յառաջ ընթանալու ամուր հիմք պիտի կազմէ»:
Շուէտի վարչապետը նշեց, որ անհամբեր կը սպասէ հարցը Պուտափեշթի մէջ «երկուքիս յարմար ատեն» քննարկելու:
«Մեզի նաեւ առիթ պիտի ընծայուի 1 փետրուարին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի ժողովի ընթացքին հանդիպելու», աւելցուց Քրիսթերսոն:
Շուէտի նախարարաց խորհուրդը հինգշաբթի օր յայտարարած է, որ Շուէտի վարչապետը Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանին առաջարկած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումն ու երկկողմանի այլ հարցեր քննարկելու համար հանդիպիլ Պրիւքսելի մէջ:
Քրիսթերսոն նամակ յղած է Օրպանին` յայտնելով, որ ընդունած է այս շաբթուան սկիզբը ստացած հրաւէրը` «երկու քաղաքական գործիչներուն` համար յարմար ժամանակ» Պուտափեշթ այցելելու համար:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ Օրպան 23 յունուարին իր շուէտացի պաշտօնակիցը հրաւիրած էր Պուտափեշթ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու համար:


