Միջազգային

Պայտընի Վարչակազմը Կը Սերտէ Առանց  Պատերազմի Յայտարարման Իրանին  Հակադարձելու Միջոցները

Պայտընի Վարչակազմը Կը Սերտէ Առանց Պատերազմի Յայտարարման Իրանին Հակադարձելու Միջոցները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իրանի հետ լայնածաւալ տագնապը հաւանական կը նկատէ, եթէ ամերիկացի զինուորներ սպաննուին: Այս մասին գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը: Պայտընի վարչակազմը կը սերտէ ամերիկեան ռազմակայաններուն դէմ Իրանի կողմնակից շիիական խմբաւորումներու շարունակուող հրթիռային հարուածներուն պատասխանելու միջոցները: Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` հիմնական խնդիրը լայնածաւալ զինուորական տագնապէն խուսափիլն է: Մասնաւոր խօսակցութիւններու ընթացքին, սակայն, պաշտօնատարները կը խոստովանին, որ պատերազմը կրնայ...

Թուրքիան Արեւմտեան Հետախուզական  Կազմակերպութիւններէն Պահանջած Է  Իրենց Գործողութիւններուն Մասին Տեղեկացնել

Թուրքիան Արեւմտեան Հետախուզական Կազմակերպութիւններէն Պահանջած Է Իրենց Գործողութիւններուն Մասին Տեղեկացնել

Արեւմտեան հետախուզական կազմակերպութիւնները այսուհետեւ պիտի չկարենան Թուրքիոյ մէջ գործողութիւններ կատարել` առանց Անգարային համապատասխան տեղեկութիւն տրամադրելու: Այս մասին գրած է «Հիւրրիեթ» օրաթերթը` յղում կատարելով անունը չնշած դիւանագէտին: Անոր համաձայն, որոշ ժամանակ առաջ «բաւական յատկանշական իրադարձութիւն» տեղի ունեցած է: «Արեւմտեան որոշ հետախուզական կազմակերպութիւններ կարելիութիւն ստացած են Թուրքիոյ մէջ գործ վարել, գալ ու երթալ առանց արտօնութեան: Օրինակ, արեւմտեան հետախուզական օդանաւը կու գայ, որոշ...

Պայտըն Կոչ Ուղղած Է Քոնկրեսին` «Անյապաղ» Հաստատելու Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու Վաճառքը

Պայտըն Կոչ Ուղղած Է Քոնկրեսին` «Անյապաղ» Հաստատելու Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու Վաճառքը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չորեքշաբթի օր նամակ մը յղած է Քոնկրեսի առանցքային յանձնախումբերու ղեկավաներուն` տեղեկացնելով, որ մտադիր է Անգարայի կողմէ` Շուէտի ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումի վաւերացման հոլովոյթի աւարտէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ «Լաքհիտ Մարթին»-ի «Էֆ-16» հալածիչներու վաճառքի պաշտօնական ծանուցման հոլովոյթին սկսելու: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ»-ը: Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու եւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու բարձրաստիճան հանրապետական եւ դեմոկրատական անդամներուն ուղղուած նամակին...

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Սկզբունքային Համաձայնութի՞ւն

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Սկզբունքային Համաձայնութի՞ւն

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլ եւ Համաս շարժումը մեծ մասամբ մէկ ամիս տեւողութեամբ զինադուլի ընթացքին իսրայէլացի գերիներու եւ պաղեստինցի բանտարկեալներու փոխանակում կատարելու շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցին»: Աղբիւրները նշեցին, որ շրջագծային ծրագիրի ներկայացումը ուշացած է երկու կողմերուն միջեւ Կազայի մէջ պատերազմին մնայուն աւարտին հասնելու կերպին շուրջ տարակարծութիւններու պատճառով: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», վկայակոչելով եգիպտացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ Համաս շարժումը պատրաստ է Կազայի մէջ...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաւանութիւն Տուած Է Շուէտի ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաւանութիւն Տուած Է Շուէտի ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան

Թուրքիոյ խորհրդարանը երեքշաբթի, 23 յունուարին, քանի մը ամիս տեւած քննարկումներէ ետք, հաւանութիւն տուած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան: «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ այժմ Հունգարիան պէտք է որոշում տայ: Փաստաթուղթը այժմ ստորագրման համար պիտի փոխանցուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: «Պլումպըրկ» կը նշէ, որ Թուրքիան դանդաղած է Շուէտի դիմումի հաստատման հարցին մէջ` Սթոքհոլմէն պահանջելով քայլերու ձեռնարկել անջատողական խմբաւորումներու դէմ, ինչպէս նաեւ Քրտական...

Չինաստանն Ու Ազրպէյճանը Կը Ծրագրեն Ընդլայնել Առեւտրական Համագործակցութիւնը

Չինաստանն Ու Ազրպէյճանը Կը Ծրագրեն Ընդլայնել Առեւտրական Համագործակցութիւնը

Չինաստանն ու Ազրպէյճանը կը ծրագրեն ընդլայնել առեւտրական համագործակցութիւնը, անոնք կը նախատեսեն տարբեր ոլորտներու մէջ շարք մը նախագիծեր իրականացնել: Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցումով, լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի մէջ Չինաստանի դեսպան Կու Մին: Անոր համաձայն, երկկողմանի համագործակցութիւնը առեւտուրի եւ այլ ոլորտներու մէջ ա՛լ աւելի պիտի ընդլայնուի: Մին ընդգծած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ «Մետաքսի ճամբուն» դերը:

Ազրպէյճանի Պատուիրակութիւնը Դադրեցուց ԵԽԽՎ-ի Աշխատանքներուն Իր Մասնակցութիւնը

Ազրպէյճանի Պատուիրակութիւնը Դադրեցուց ԵԽԽՎ-ի Աշխատանքներուն Իր Մասնակցութիւնը

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ ներկայացուած ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը երէկ Սթրազպուրկի մէջ հրապարակած է յայտարարութիւն մը` նշելով, որ կը դադրեցնէ այս կառոյցին հետ համագործակցութիւնը եւ կազմակերպութեան աշխատանքներուն մասնակցութիւնը: «Այս որոշումը կը տրուի վեհաժողովին մէջ տիրող այլատեացութեան, ազրպէյճանատեացութեան եւ իսլամատեացութեան անտանելի մթնոլորտին պատճառով», նշուած է յայտարարութեան մէջ: ԵԽԽՎ-ի դիտարկման յանձնախումբը նախապէս վեհաժողովի պատուիրակներուն խորհուրդ տուած էր չհաստատել Ազրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները:  

Հուսիներուն Դէմ Ամերիկեան Նոր Հարուած

Հուսիներուն Դէմ Ամերիկեան Նոր Հարուած

Միացեալ Նահանգներ նոր հարուած հասցուցած են Եմէնին եւ երկու թեւաւոր հրթիռ ոչնչացուցած հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը «Էքս»-ի վրայ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «24 յունուարին Սանաայի ժամանակացոյցով շուրջ ժամը 2:30-ին, Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը հարուածներ հասցուցած է հուսիներու երկու հականաւային հրթիռի», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ «որոշած են,...

Միացեալ Նահանգներ Իրաքի Մէջ Հըզպալլայի  Փաղանգներու Երեք Դիրքեր Հարուածած Են

Միացեալ Նահանգներ Իրաքի Մէջ Հըզպալլայի Փաղանգներու Երեք Դիրքեր Հարուածած Են

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրաքի մէջ Հըզպալլայի փաղանգներ շարժումին պատկանող երեք դիրքերու վրայ օդային յարձակում գործած են: Յարձակումները կատարուած են առ ի հակադարձութիւն շարժումին կողմէ շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ կատարուած յարձակումներուն: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ցուցմունքով, ամերիկեան ուժերը երէկ անհրաժեշտ եւ պատշաճ հարուածներ հասցուցին կառոյցներու, որոնք կ՛օգտագործուին Հըզպալլայի փաղանգներու եւ Իրաքի մէջ...

Նեթանիահու. «Երէկ Պատերազմի Ծագումէն Ի Վեր Ամէնէն Դժուար Օրերէն Մէկն Էր, Եւ Բանակը Սկսաւ Աղէտը Հետաքննել»

Նեթանիահու. «Երէկ Պատերազմի Ծագումէն Ի Վեր Ամէնէն Դժուար Օրերէն Մէկն Էր, Եւ Բանակը Սկսաւ Աղէտը Հետաքննել»

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունեսի մէջ բախումներուն ընթացքին 21 իսրայէլացի սպաներ եւ զինուորներ սպաննուած են: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կիրակի օր հաղորդած էին, որ շուրջ 20 սպաներ եւ զինուորներ սպաննուած կամ վիրաւորուած են, երբ Խան Եունեսի մէջ ականուած երկու շէնքեր պայթեցուած են եւ երրորդ մը իսրայէլեան ուժերուն վրայ փուլ եկած է: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը անցեալ ամիս...

Հուսիներ. «Ամերիկա-Բրիտանական Յարձակումները Անպատասխան Պիտի Չմնան»

Հուսիներ. «Ամերիկա-Բրիտանական Յարձակումները Անպատասխան Պիտի Չմնան»

Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան երեքշաբթի գիշեր յարձակում գործեցին Եմէնի քանի մը նահանգներու մէջ գտնուող հուսիներու զինուորական դիրքերուն դէմ: Աւստրալիոյ, Պահրէյնի, Բրիտանիոյ, Քանատայի, Նետերլանտներու եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ յայտարարութեան համաձայն, դաշնակից ուժերը 8 հարուած հասցուցած են հուսիներու Անսարուլլա դիրքերուն` թիրախաւորելով անոնց ստորգետնեայ պահեստները եւ հրթիռներու արձակման վայրերը: Վերջին 10 օրերուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներ քանի մը անգամ առանձին յարձակած են հուսիներու դիրքերուն...

Դամասկոս Ցաւ Յայտնեց Սուրիոյ Մէջ Յորդանանի Օդային Հարուածներուն Նկատմամբ

Դամասկոս Ցաւ Յայտնեց Սուրիոյ Մէջ Յորդանանի Օդային Հարուածներուն Նկատմամբ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց Սուրիոյ մէջ շարք մը գիւղերու դէմ յորդանանեան օդային հարուածներուն առնչութեամբ: «Քաղաքական, քարոզչական եւ զինուորական մագլցումը համահունչ չէ երկու կողմերուն միացեալ յանձնախումբերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան», նշեց նախարարութիւնը` շեշտելով, որ Սուրիոյ հողերուն մէջ այդպիսի զինուորական գործողութիւնները «անարդարանալի են»` աւելցնելով, որ կը փորձէ շրջանցել զանոնք` մեկնելով լարուածութիւն չյառաջացնելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու շարունակման վրայ անոնց...

Յառաջիկային Իրանի Եւ Ռուսիոյ Նախագահներու Թուրքիա Անջատ Այցելութիւննե՞ր

Յառաջիկային Իրանի Եւ Ռուսիոյ Նախագահներու Թուրքիա Անջատ Այցելութիւննե՞ր

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին 24 յունուարին պիտի այցելէ Թուրքիա: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: Թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, թէ կը նախատեսուի, որ 12 փետրուարին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիա այցելէ: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով առանց ճշգրիտ թուական նշելու 20 յունուարին յայտնեց, թէ Փութինի Թուրքիա այցելութեան մասին «ժամանակին պիտի տեղեկացուի»: Աւելի ուշ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով...

Պայտըն Կը Շարունակէ Երկու Պետութիւններու Լուծման Իրագործման Նկատմամբ «Շատ Լաւատես» Ըլլալ

Պայտըն Կը Շարունակէ Երկու Պետութիւններու Լուծման Իրագործման Նկատմամբ «Շատ Լաւատես» Ըլլալ

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մեր գործընկերներուն հետ լուրջ բանակցութիւններ կը կատարենք, փորձելով մնացեալ պատանդները ազատ արձակել, սակայն մինչեւ հիմա գործարքի մը ուրուագիծը չկայ»: «Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի համակարգող (Պրեթ) ՄքԿըրք այս շաբաթ Տոհա էր` տեսնելու, եթէ կրնա՞ն յառաջ ընթանալ», ըսաւ Քըրպի: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «կը շարունակէ շատ...

Քըրպի. «Հուսիները Կը Պահպանեն Իրենց Յարձակողական Կարողութիւնը»

Քըրպի. «Հուսիները Կը Պահպանեն Իրենց Յարձակողական Կարողութիւնը»

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Եմէնի մէջ հուսիներու Անսարուլլա շարժումը կը պահպանէ իր յարձակողական կարողութիւնը` շեշտելով, որ եթէ իրանեան աջակցութիւնը չըլլար, Կարմիր ծովուն մէջ «անոնց յարձակումները պիտի չտեսնէինք»: Ան «Էն.Պի.Սի.»-ին յայտնած է. «Մենք Եմէնի մէջ պատերազմի մէջ չենք, եւ մեր քայլերուն նպատակը հուսիներուն սպառնալիքները դադրեցնելն է, եւ անոնք համահունչ են ՄԱԿ-ի կանոններուն»: «Հուսիները տակաւին յարձակողական...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Բանբերը Չէ Հերքած Ազրպէյճանի Հետ  Տարակարծութիւններու Գոյութիւնը

Քենաանի. «Քիւրտիստանի Շրջանին Մէջ Մոսատի Կեդրոնատեղիի Թիրախաւորումը Իրաքի Կամ Շրջանին Դէմ Չէր»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի շեշտեց. «Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանին մէջ Մոսատի կեդրոնատեղիի թիրախաւորումը Իրաքի կամ շրջանին դէմ չէր»: «Հակառակ Իրանի եւ Քիւրտիստանի միջեւ շարունակուող գործակցութեան, դժբախտաբար անոր աշխարհագրական սահմաններէն ապահովական սպառնալիքներ կը դիմագրաւենք», ըսաւ ան` նշելով. «Իրան չի կրնար իր ազգային անվտանգութեան նկատմամբ անփոյթ գտնուիլ»: «Իրանի Մոսատի կեդրոնատեղիի թիրախաւորման մէջ վերջին քայլը գոյութիւն ունեցող սպառնալիքներու եւ անոր թշնամիներուն...

Իսրայէլ Հարուածած Է Դամասկոսի Մեզզէ Շրջանը`  Սպաննելով Իրանի Յեղափոխական  Պահակագունդի 5 Անդամ

Իսրայէլ Հարուածած Է Դամասկոսի Մեզզէ Շրջանը` Սպաննելով Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի 5 Անդամ

Իսրայէլի օդուժը շաբաթ օրը հարուածած է Դամասկոսի Մեզզէ շրջանը` սպաննելով Իրանի յեղափոխական պահակագունդի հինգ անդամներ, որոնց շարքին տեղեկատուական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով շրջանին մէջ անվտանգութեան սուրիամէտ աղբիւրներ: Ըստ հաղորդագրութեան, գերճշգրիտ հրթիռներով կատարուած հարուածի հետեւանքով Մեզզէի մէջ բարձրայարկ շէնք մը ամբողջութեամբ գետնին հաւասարեցուած է: Մինչ այդ, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին անդրադարձաւ Իրանի յեղափոխական...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպած Է «Համաս»-ի Ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի Հետ

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպած Է «Համաս»-ի Ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի Հետ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հանդիպած է «Համաս»-ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի հետ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ անոնք միտքեր փոխանակած են Կազայի հատուածին մէջ զինադադարի դրութիւն հաստատելու կարելիութեան շուրջ: Քննարկուած են մարդասիրական օգնութեան ծաւալները մեծցնելու եւ պատանդները ազատ արձակելու հարցերը: Շօշափուած է երկու պետութիւն ստեղծելու հիման վրայ տագնապը լուծելու նիւթը` շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու...

Պայտըն. «Հուսիներու Դէմ Ամերիկեան Հարուածները Արդիւնք Չեն Տար»

Պայտըն. «Հուսիներու Դէմ Ամերիկեան Հարուածները Արդիւնք Չեն Տար»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին հարցուցած են, թէ արդեօք Եմէնի հուսիներու թիրախներուն դէմ կատարուած ամերիկեան հարուածները ազդո՞ւ են: «Եթէ կը հարցնէք` անոնք ազդո՞ւ են հուսիները կանգնեցնելու համար, ո՛չ: Անոնք (հուսիները, «Ա.») պիտի շարունակե՞ն (նաւերու դէմ հրթիռներ արձակել), այո՛», յստակ պատասխանած է Պայտըն: Անցեալ ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ հուսիները Արաբական ծովու Ատենի ծոցին մէջ յարձակում գործած են ամերիկեան «Չեմ Ռէյնճըր» քարիւղատարի...

Սալիվըն. «Միջազգային Ընտանիքը Նոր Ժամանակաշրջան Մուտք Գործեց»

Սալիվըն. «Միջազգային Ընտանիքը Նոր Ժամանակաշրջան Մուտք Գործեց»

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն նշեց. «Միջազգային ընտանիքը մուտք գործեց նոր ժամանակաշրջան, ուր համաշխարհային համակարգի ճշդման ղեկավարման ու իրաւունքին շուրջ բուռն մրցակցութիւն յառաջացաւ»: Ան Տաւոսի խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ. «Միացեալ Նահանգները, ի տարբերութիւն 1930-ական թուականներուն, ինքնամեկուսացումի մէջ մուտք պիտի չգործեն, եւ պիտի երաշխաւորեն, որ պատմութիւնը ինքզինք չկրկնէ»: «Այսօր կ՛ապրինք նոր ժամանակաշրջանի մը առաջին տարիները: Մեծ...

Page 171 of 882 1 … 170 171 172 … 882

Արխիւներ