Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ կիրակի օր Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման գործարքին շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան հասնելու նպատակով տեղի ունեցած բանակցութիւնները «շինիչ» էին` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ գոյութիւն ունին «մեծ բացեր», որոնք կողմերը այս շաբթուան ընթացքին գումարուելիք յաւելեալ ժողովներու ընթացքին պիտի քննարկեն:
Փարիզի ժողովին մասնակցած էին «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզը, Մոսատի եւ Շապաքի ղեկավարներ Տաւիտ Պերնաղ եւ Ռոնին Պար, Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի եւ եգիպտական հետախուզութեան տնօրէն Ապպաս Քամել:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ Փարիզի բանակցութիւնները «լաւ» էին` նշելով, որ ամերիկեան աջակցութեամբ քաթարեան ու եգիպտական միջնորդութեամբ բանակցութիւններուն մէջ «յառաջընթացի նախանշաններ» գոյութիւն ունին:
Փարիզի բանակցութիւններու մասնակիցներուն մօտիկ աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ չորս պետութիւնները` Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը, Քաթարն ու Եգիպտոսը ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ պիտի բանակցին «Կազայի մէջ զինադադար եւ Համասի մօտ պահուող գերիներու ազատ արձակումը ներառող համաձայնութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց ապահովելու» նպատակով:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու բանագնացները պատրաստած են հաւանական համաձայնութեան մը նախագիծը, որ կը միախառնէ Իսրայէլի եւ Համասի առաջարկները:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նշեալ գրաւոր նախագիծը Փարիզի մէջ ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի, եւ կրնայ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին յանգեցնել իսկական համաձայնութեան մը կնքման, ինչ որ տագնապին մէջ շրջադարձ կը յառաջացնէ:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին համաձայն, բանագնացները զգուշաւոր կերպով լաւատես են, թէ վերջնական համաձայնութիւն մը հասանելի է` նշելով, որ տակաւին գոյութիւն ունին կարեւոր տարակարծութիւններ:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, թէ եգիպտացի պաշտօնատարներ հաղորդած են, որ Կազայի մէջ 4 ամիս տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման եւ Իսրայէլի բոլոր գերիներու ազատ արձակման շուրջ ծրագիր մը կամ առաջարկ մը ներկայացուած է:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի համաձայն, նշեալ ծրագիրը կ՛առաջարկէ նախ եւ առաջ 6 շաբաթ տեւողութեամբ պատերազմի նախնական դադրեցում, որպէսզի առիթ ընծայուի իսրայէլացի մանուկ, կին եւ տարեց գերիներու ազատ արձակման, որուն դիմաց ալ Իսրայէլ մեծաթիւ պաղեստինցի բանտարկեալներ ազատ կ՛արձակէ եւ Կազա յաւելեալ օժանդակութիւններու մուտք գործումը կ՛արտօնէ:
Յաջորդ փուլին Համաս ազատ կ՛արձակէ իսրայէլացի կին զինուորներ, ապա զինուորներ ու գերիներու դիակներ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութեան Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակման համար վարած բանակցութիւնները շնորհիւ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւններուն է` շեշտելով, որ Կազայի դէմ պատերազմը «չի կրնար կէտերու հաշիւով աւարտիլ, այլ միայն զգետնիչ հարուածով»:
«Աքսիոս» հաղորդեց, որ 10 օր առաջ Ռիատի մէջ գումարուած է Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան մասնակցութեամբ գաղտնի ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Կազայի մէջ պատերազմին յաջորդող օրուան վերաբերեալ դիրքորոշումները:
Ժողովէն լաւատեղեակ աղբիւրներ կայքին յայտնած են, թէ անոր մասնակցած է Սէուտական Արաբիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մուսայետ պեն Մոհամետ Ղայպանը, պաղեստինեան հետախուզութեան պետ Մաժետ Ֆարաժը, եգիպտական հետախուզութեան տնօրէն Ապպաս Քամելը եւ յորդանանեան հետախուզութեան տնօրէն Ահմատ Հուսնին: Ըստ աղբիւրներուն, ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարները ժողովի կարգ մը մասնակիցներուն կողմէ ժողովի ընթացքին եւ քննարկումներու բովանդակութեան մասին տեղեակ պահուած են:
Ժողովի ընթացքին պաղեստինեան հետախուզութեան պետին յայտնած են, թէ Պաղեստինեան իշխանութիւնը կարիքը ունի կատարելու լուրջ բարեփոխումներ, որոնք զինք կարող կը դարձնեն իր քաղաքական ղեկավարութիւնը աշխուժացնելու` ընդգծելով, որ այդ բարեփոխումները Պաղեստինեան իշխանութեան Կազա վերադառնալու կարեւորագոյն պայմանն է:
Սէուտական Արաբիոյ ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն հանդիպումի ընթացքին նշած է. «Սէուտական Արաբիան տակաւին հետաքրքրուած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ընթանալու հարցով, պաղեստինեան պետութեան ստեղծման առաջնորդող ճամբան բացող գործնական քայլերու դիմաց»:
Միւս կողմէ, «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» գրեց. «Իշխող դաշինքէն 12 նախարարներ եւ 15 օրէնսդիրներ հազարաւոր աջակողմեան խանդավառ գործիչներու դիմաց խոստացան վերակառուցել Կազայի մէջ հրէական-իսրայէլեան բնակեցման վայրերը եւ պատերազմի աւարտէն ետք պաղեստինցի բնակիչներու գաղթը քաջալերել»: Խորհրդաժողովի տեսանիւթերը իսրայէլեան ընկերային ցանցերու վրայ յառաջացուցած են բուռն հակազդեցութիւն եւ քննադատութիւն, թէ նախարարները ուրախ կը պարեն, երբ պատերազմը ընթացքի մէջ է, տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներ գոյութիւն ունին, զինուորներ օրական կը սպաննուին եւ 136 գերիներ տակաւին կը գտնուին Համասի մօտ:


