Միացեալ Նահանգներ զգուշացուցին Իրանը` չընելու քայլեր, որոնք կրնան սրել Միջին Արեւելքի ներկայ ճգնաժամը: Այս մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերեալ բաց բանավէճի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով տեղակալ Ուզրա Զէյան:
«Միացեալ Նահանգներ բազմիցս զգուշացուցած են Իրանն ու անոր դրածոյ ուժերը, որ չօգտուին պահէն` գործելու համար յարձակումներ, որոնք կը սպառնան աւելի լայն տագնապ հրահրել», ըսած է ան:
«Մենք կը դատապարտենք Իրաքի եւ Փաքիստանի մէջ գտնուող տարածքներու վրայ Իրանի յարձակումները», յայտնեց Զէյան: Ան միեւնոյն ժամանակ Ուաշինկթընի անունով դատապարտեց Եմէնի հուսիներու քայլերը, ներառեալ Կարմիր ծովուն մէջ նաւերու վրայ յարձակումները:
«Եւ արտօնեցէք յստակ ըսել. Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ձեռնարկել համապատասխան պաշտպանական գործողութիւններ` համապատասխան միջազգային օրէնքին, որպէսզի պաշտպանեն շրջանին մէջ իրենց անձնակազմն ու շահերը», աւելցուցած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:


