Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Վճիռէն Ետք. Չորեքշաբթի Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

January 29, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ժողով մը պիտի գումարէ քննարկելու համար Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 26 յունուարին որդեգրած վճիռը, որ Իսրայէլէն կը պահանջէ Կազայի մէջ ցեղասպանութեան որեւէ արարք կանխարգիլելու քայլեր որդեգրել: Այս մասին հաղորդեց Ապահովութեան խորհուրդի ֆրանսական նախագահութիւնը:

Ալճերիոյ պահանջով ժողովը պիտի գումարուի չորեքշաբթի օր` ՊԷյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջած է «Արդարադատութեան միջազգային դատարանի իսրայէլեան բռնագրաւումին պարտադրուող միջանկեալ քայլերուն վերաբերեալ վճիռին հարկադիր ուժ շնորհելու նպատակով»:

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 26 յունուարին Իսրայէլէն պահանջեց ցեղասպանութիւնը եւ զայն գործելու ուղղակի դրդումը կանխարգիլելու քայլեր որդեգրել, Իսրայէլ պէտք չէ պաղեստինցի անհատներ սպաննէ, պաղեստինցիներուն վրայ հաւաքական պատիժ կիրարկէ եւ զանոնք նիւթական ու հոգեբանական քանդումի ենթարկէ:

Դատարանը Իսրայէլէն պահանջեց մէկ ամսուան ընթացքին դատարանին զեկուցում ներկայացնել Թել Աւիւի որդեգրած քայլերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անմիջական քայլեր որդեգրել Կազայի մէջ պաղեստինեան հաւաքականութիւնը պաշտպանելու համար:

Դատարանը նաեւ Իսրայէլէն պահանջեց Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու մուտքը արտօնելու անմիջական քայլեր որդեգրել:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Իզմիր նահանգին մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուներու յայտարարման ձեռնարկի ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիան դէմ կը կանգնի բռնաճնշումին, ջարդերուն ու անմարդկային արարքներուն, որոնք Իսրայէլ Կազայի մէջ կը գործէ պաղեստինցիներուն դէմ»:

«Արդարադատութեան միջազգային դատարանի ուրբաթ օր որդեգրած որոշումը արտացոլումն է մեր յայտարարածին, թէ աշխարհը հինգէն (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն 5 անդամներէն, «Ա.») մեծ է», նշեց Էրտողան:

Ան անգամ մը եւս Իսրայէլին կոչ ուղղեց` «ականջ տալու միջազգային ընտանիքի ու միջազգային կառոյցներու ձայնին եւ անմիջապէս դադրեցնելու իր յարձակումներն ու ջարդերը»:

Նախորդը

Յորդանանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանի Դէմ Յարձակումը 3 Զոհեր Եւ Բազմաթիւ Վիրաւորներ Պատճառեց

Յաջորդը

Կութիերես. «7 Հոկտեմբերի Յարձակումին Մեղսակից ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի 12 Պաշտօնեաներէն 9-ը Գործէ Արձակեցինք»

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.