Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ, մեկնաբանելով Փարիզի մէջ կիրակի, 28 յունուարին գումարուած ժողովն ու անոր ընթացքին քննարկուած` Կազայի պատերազմի դադրեցման եւ գերիներու ազատ արձակման գաղափարները, յայտնեց. «Շարժումը ստանձնեց ժողովի ընթացքին քննարկուած առաջարկը, զայն կը սերտէ եւ իր պատասխանը պիտի տայ Կազայի վրայ դաժան յարձակումի դադրեցման եւ բռնագրաւման ուժերու ամբողջովին Կազայէն դուրս քաշուելուն հիմամբ, ուստի շարժումը բաց է որեւէ նախաձեռնութեան եւ լուրջ ու գործնական գործողութեան, պայմանով, որ անիկա յանգեցնէ յարձակումի ամբողջական դադրեցման, եւ ապահովուին պատսպարաններ մեր հարազատներուն եւ ժողովուրդին, որոնք ստիպուեցան տեղահանուիլ բռնագրաւումին որդեգրած քայլերուն պատճառով, եւ վերակառուցում, պաշարումի վերացում տեղի ունենայ, ինչպէս նաեւ գերիներու փոխանակման լուրջ գործողութիւն, որ կ՛երաշխաւորէ մեր հերոս գերիներուն ազատութիւնը եւ վերջ կու տայ անոնց տառապանքներուն»:
Ան գնահատեց Եգիպտոսի եւ Քաթարի ջանքերը` նշելով, որ Համասի ղեկավարութիւնը Փարիզի ժողովէն բխած համաձայնութեան շրջագիծին եւ զայն գործադրելու պայմաններուն շուրջ «մեր պայքարող ժողովուրդի ազգային շահերը մօտիկ ապագային իրականացնող ամբողջական պատկերացումի մը հիմամբ» քննարկում կատարելու համար Գահիրէ այցելելու հրաւէր ստացած է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յոյս յայտնեց, որ Փարիզի մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնին, Մոսատի եւ Շապաքի տնօրէններուն, եգիպտական հետախուզութեան տնօրէնին եւ Քաթարի վարչապետին մասնակցութեամբ Փարիզի ժողովէն ետք կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ համաձայնութեան, որ գերիներու ազատ արձակման դիմաց կռիւներու դադրեցման կը յանգեցնէ:
«Շատ կարեւոր եւ շինիչ աշխատանք մը ամբողջացաւ, եւ մինչ յառաջ կ՛ընթանանք, քիչ մը իսկական յոյս գոյութիւն ունի», լրագրողներուն ըսաւ Պլինքըն:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին կոչ ուղղեց Իսրայէլի դէմ Համասի յարձակումին մեղսակցութեամբ ամբաստանուած պաշտօնեաներու շուրջ հետաքննութիւն կատարել, սակայն ինքզինք զերծ կացուցեց գործակալութեան աշխատանքները կասեցնելու կոչերէն` նշելով, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն կատարած է եւ կը շարունակէ բացարձակապէս կենսական աշխատանքներ կատարել` Կազայի մարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն կենսական օժանդակութիւններու տրամադրման համար:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իր կարգին նշեց, որ պէտք է ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դէմ իսրայէլեան ամբաստանութիւններուն շուրջ հետաքննութիւն կատարել:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան նշեց. «Միացեալ Նահանգներ գիտեն, որ Կազայի մէջ պատերազմին ու ցեղասպանութեան, եւ ներկայ ճգնաժամի լուծումը քաղաքական լուծում է»:
Ան «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Լուծման հոլովոյթին մէջ դիւանագիտութիւնը աշխուժ է, եւ Նեթանիահուն իր ոճրային քաղաքական կեանքին վերջալոյսը կ՛ապրի»:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, սակայն, հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն յայտարարած է. «Իսրայէլեան բանակը Կազայէն դուրս պիտի չբերենք եւ հազարաւոր ահաբեկիչներ ազատ պիտի չարձակենք»:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Լոնտոն Պաղեստինի պետութեան ճանաչման հարցը կը սերտէ»:
«Մեր դաշնակիցներուն հետ ներառեալ ՄԱԿ-ի մէջ պիտի քննենք Պաղեստինի պետութեան ճանաչման հարցը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է Պաղեստինի պետութեան համար երկու պետութիւններու լուծման ուղղութեամբ անդառնալի յառաջընթաց ի ցոյց տրուի»:


