Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսին փոխանցած է, որ հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ 23 միլիառ տոլարի «Էֆ-16» հալածիչներու եւ յարակից սարքաւորումներու վաճառքին: Այս մասին հաղորդեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները օրաթերթին յայտնած են, որ ատիկա կատարուած է, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստորագրած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը արտօնող փաստաթուղթերը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չորեքշաբթի, 24 յունուարին նամակ յղած էր Քոնկրեսի առանցքային յանձնախումբերու ղեկավարներուն` տեղեկացնելով Անգարայի կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումի վաւերացման հոլովոյթի աւարտէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ «Լաքհիտ Մարթին»-ի «Էֆ-16» հալածիչներու վաճառքի պաշտօնական ծանուցման հոլովոյթը սկսելու իր մտադրութեան մասին: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու եւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու բարձրաստիճան հանրապետական եւ դեմոկրատական անդամներուն ուղղուած նամակին մէջ Պայտըն Քոնկրեսին կոչ ուղղած էր «առանց յապաղելու» հաստատելու վաճառքը: Այս մասին լրատու գործակալութեան յայտնած է ամերիկացի պաշտօնատար մը:
Նամակին ծանօթ չորս աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, թէ Սպիտակ տունը նամակ յղած է Քոնկրեսի անդամներուն` կոչ ուղղելով հաստատելու Թուրքիոյ 20 միլիառ տոլար արժողութեամբ «Էֆ-16» օդանաւերու եւ անոնց արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը 23 յունուարին վաւերացուցած էր Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը, որ այժմ պէտք է ստորագրուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ` այդպիսով 20 ամիս ձգձգելէ ետք վերացնելով արեւմտեան զինուորական դաշինքի ընդլայնման հիմնական խոչընդոտը:


