Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) սահմաններուն վրայ աճող լարուածութեան լոյսին տակ Ռուսիան, իբրեւ ԱՊՀ-ի նախագահող երկիր, ուշադրութիւն պիտի դարձնէ միութեան
անվտանգութեան ապահովման բոլոր ոլորտներուն մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու մնայուն լիազօր ներկայացուցիչներու խորհուրդին ուղղուած տեսաուղերձին մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«ԱՊՀ-ի արտաքին սահմաններու ծիրին մէջ համաշխարհային անկայունութեան եւ լարուածութեան աճի լոյսին տակ, բնականաբար, օրակարգի վրայ պիտի ըլլան անվտանգութեան ապահովման հարցերը», ըսած է Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, խօսքը ահաբեկչութեան, ծայրայեղականութեան, կազմակերպուած յանցագործութեան, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի մասին է:
«Մեր շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմա-կենսաբանական գործունէութեան զարգացումը եւ անվտանգութեան այլ սուր մարտահրաւէրները կը թելադրեն այս աշխատանքը նոր մակարդակի հասցնելու անհրաժեշտութիւնը ինչպէս ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ, այնպէս ալ անոր ջանքերը համատեղելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Մեծ Եւրասիոյ այլ միջպետական միաւորումներու հետ», աւելցուցած է նախարարը:


