Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Բանակցութիւններուն Ընթացքը Լաւ Է»

Փետրուար 24, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունեսի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները:

Ըստ Փենթակոնի հաղորդագրութեան, Օսթին շեշտած է, որ Իսրայէլ «կարիքը ունի Ռաֆահի մէջ որեւէ զինուորական գործողութիւն սկսելէ առաջ այդտեղ ապաստանած աւելի քան մէկ միլիոն անձերու անվտանգութիւնն ու աջակցութիւնը երաշխաւորող հաւաստի ծրագիրի մը»:

Երկու կողմերը նաեւ քննարկած են «Համասի մօտ տակաւին կալանաւորուած մնացող գերիներու ազատ արձակման երաշխաւորման համար շարունակուող ջանքերը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի քաղաքայիններուն մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը բարելաւելու կարիքը»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրքի գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի մէջ կռիւներու դադրեցման համար վարած բանակցութիւններուն «ընթացքը լաւ է»:

Քըրպի նշեց, որ ամերիկացի պատուիրակը չորեքշաբթի օր այցելած է Գահիրէ, իսկ հինգշաբթի օր կը գտնուէր Իսրայէլ` իսրայէլեան կառավարութեան եւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներու հետ ժողովներ գումարելու համար:

Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ բանակցութիւնները կը վերաբերին «կռիւներու երկարատեւ դադրեցման` ազատ արձակելու համար բոլոր գերիները եւ Կազա յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու համար»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է Կազայի մէջ զինադադարի համար Փարիզի մէջ գումարուող բանակցութիւններուն բանագնացներ ուղարկելու:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր երկրի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդին ներկայացուցած է Կազայի պատերազմին «յաջորդող օրուան» քաղաքականութեան վերաբերեալ սկզբունքներու փաստաթուղթ մը, որ կը ներառէ Իսրայէլի` Կազայի մէջ անժամկէտ կերպով եւ ազատութեամբ գործելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան գիւղերու մերձակայքին անվտանգութեան գօտիներու ստեղծումը:

Նեթանիահուի փաստաթուղթին համաձայն, Իսրայէլ փակ կը պահէ Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ սահմանը, ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն պէտք է փակուի, եւ զայն կը փոխարինեն միջազգային օժանդակութեան այլ գործակալութիւններ:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, նախարարաց սեղմ խորհուրդը Նեթանիահուի փաստաթուղթը չէ վաւերացուցած:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա հակադարձելով Նեթանիահուի Կազայի պատերազմին «յաջորդող օրուան» ծրագիրին յայտնեց. «Կազան միայն մաս պիտի կազմէ պաղեստինեան անկախ պետութեան, որուն մայրաքաղաքը Երուսաղէմն է, եւ որեւէ այլ ծրագիր դատապարտուած է ձախողութեան: Իսրայէլ պիտի չյաջողի Կազայի աշխարհագրական ու ժողովրդագրական պատկերը փոխել»:

«Եթէ աշխարհը կ՛ուզէ, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, ապա պէտք է վերջ տայ պաղեստինեան հողերուն իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ ճանչնայ պաղեստինեան անկախ պետութիւնը` Երուսաղէմ մայրաքաղաքով», նշեց Ապու Ռուտէյնա` աւելցնելով, որ Նեթանիահուի ծրագիրին նպատակը պաղեստինեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումին շարունակումն է եւ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման արգիլումը:

Նախորդը

Միշել. «Ուքրանիոյ Ճակատագիրը Եւրոպական Միութեան Մէջ Է»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?