Հունգարիոյ խորհրդարանը 26 փետրուարին քուէներու մեծամասնութեամբ վաւերացուցած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ դաշինքին Սթոքհոլմի անդամակցութեան թեր քուէարկած են Հունգարիոյ խորհրդարանի անդամներէն 188-ը, դէմ` վեցը:
Հունգարիան ՕԹԱՆ-ի անդամ վերջին երկիրն էր, որ տակաւին չէր վաւերացուցած Շուէտի անդամակցութեան վերաբերեալ 2022 թուականի յուլիսի հինգին ստորագրուած արձանագրութիւնը: