ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Դամասկոսի բնակուած Քաֆարսուսա շրջանը ենթարկուած է իսրայէլեան յարձակումի:
Իսրայէլեան օդանաւեր բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռներ արձակած են «եւ փորձած մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին մէջ կարգ մը դիրքեր հարուածել»:
Սուրիական պետական լրատուամիջոցներ նշեցին, որ յարձակումին պատճառով 2 անձեր մահացած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած:
Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանի տնօրէնը հաղորդեց, որ Քաֆարսուսա շրջանի ռմբակոծումը մահափորձ էր եւ ոչ թէ պահեստանոցներու թիրախաւորում:
«Մինչեւ այս պահս թիրախաւորուած անձնաւորութիւնը յայտնի չէ` Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէ՞ն է, լիբանանեան Հըզպալլայէ՞ն, թէ՞ պաղեստինցի անձնաւորութիւն մը», նշեց ան: