Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ. Կազայի Մէջ Հանդարտեցման Նոր Ուղի Մը Կը Քննարկուի

Փետրուար 22, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան խմբաւորումներէն աղբիւրներ յայտնեցին, որ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ կը քննարկուի Կազայի մէջ տիրող կացութեան հանդարտեցման նոր ուղի մը, որ 45 օր տեւողութեամբ զինադադար եւ իւրաքանչիւր ազատ արձակուող իսրայէլացիի դիմաց յաւելեալ օր երկարաձգում կը ներառէ:

Կազայէն դուրս գտնուող նշեալ աղբիւրները Արաբական աշխարհի լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ նոր ուղին նաեւ առաջին փուլին ժամանակաւոր զինադադարէն ետք մնայուն զինադադարի քննարկում կ՛առաջարկէ:

Կ՛առաջարկուի շարք մը պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման դիմաց ազատ արձակել իսրայէլացի տարեց այր մարդիկ եւ մնացեալ կիները:

Նոր առաջարկը նաեւ կ՛արտօնէ աւելի մեծ քանակութեամբ օժանդակութիւն մտցնել Կազա, սակայն Կազայի հարաւը ապաստանած գաղթականներուն շրջանի հիւսիս վերադարձը չ՛երաշխաւորեր:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին, որ որոշ փոփոխութիւն մը արձանագրուած է` շնորհիւ ամերիկեան ջանքերու վերանորոգման, ինչ որ յանգեցուցած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Պրեթ ՄքԿըրքի ղեկավարութեամբ հաղորդակցութիւններու մէջ դրական տեղաշարժ գոյութիւն ունի:

Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի ենթարկեցին Ալճերիոյ կողմէ ներկայացուած նախագիծը, որ Կազայի մէջ «անմիջական» զինադադարի հաստատում կը պահանջէր: Ասիկա Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր երրորդ անգամն է, որ Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նմանօրինակ նախագիծերու դէմ վեթօ կը կիրարկէ:

13 երկիրներ նախագիծին թեր քուէարկեցին, իսկ Բրիտանիան մնաց ձեռնպահ:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտ յայտնեց, որ իր երկիրը Եգիպտոսի եւ Քաթարի հետ գործակցաբար աշխատանք կը տանի գոյացնելու համաձայնութիւն մը, որ գերիներու ազատ արձակումը կ՛արտօնէ:

«Մեր կարծիքով` առաջարկուած նախագիծը կ՛ականահարէ բանակցութիւնները, եւ կը հաւատանք, որ ժամանակը յարմար չէ զայն առաջարկելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Խորհուրդին կողմէ այժմ կատարուած որեւէ քայլ պէտք է բանակցութիւններուն նպաստէ եւ ոչ թէ զանոնք ականահարէ»:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ըսաւ, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի «Կազայի մէջ տագնապին վերաբերեալ մնայուն որոշումի մը, որ պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները կարող կը դարձնէ կողք-կողքի ապրելու»:

Ինչ կը վերաբերի Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութեան, Կրինֆիլտ ըսաւ, որ այդ գործողութիւնը «ներկայ պայմաններուն մէջ չի կրնար սկսիլ»:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ներկայացուց ալճերիական նախագիծը փոխարինող ամերիկեան նախագիծ մը, որ բոլոր գերիներու ազատ արձակման հիմամբ Կազայի մէջ ամէնէն մօտիկ ժամանակին զինադադարի հաստատման կոչ կ՛ուղղէ:

«Մեր մեծամասնութիւնը համաձայն է, որ ժամանակն է, որ այս խորհուրդը դատապարտէ Համասը», ըսաւ ան:

Ամերիկեան նախագիծին համաձայն, Համաս շարժումը Կազայի ապագային մէջ տեղ չունի, ան պաղեստինցի ժողովուրդը կամ անոր ինքնորոշման իրաւունքը չի ներկայացներ:

Ամերիկեան նախագիծը նաեւ կը նշէ, որ «Կազայի մէջ հողերու տարածքը կարելի չէ կրճատել», ինչպէս նաեւ Կազայէն քաղաքայիններու որեւէ բռնի տեղահանում կը մերժէ:

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է. «Իսրայէլ իր սպառնացած յարձակումէն առաջ Ռաֆահի մէջ 1,5 միլիոն քաղաքայիններու պաշտպանութեան ծրագիր չներկայացուց»:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը զինուորական պաշտօնատարներու խօսքեր մէջբերելով հաղորդած էր, որ «Խան Եունեսի մէջ ցամաքային գործողութեան մօտալուտութեան վերաբերեալ գնահատականներ» գոյութիւն ունին` աւելցնելով. «Բանակը Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութեան սկսելու վերաբերեալ իր դիրքորոշման վճռումին կը մօտենայ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ շեշտեց, որ «այս պատերազմին մէջ մեր նպատակները չեն փոխուած»` ակնարկելով «Համասը ոչնչացնելուն եւ գերիները վերադարձնելուն»:

Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը երէկ քուէներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց պաղեստինեան պետութեան միակողմանի ճանաչումը մերժելու որոշումը, որ նախապէս միաձայնութեամբ որդեգրուած էր իսրայէլեան կառավարութեան կողմէ:

Աղբիւրներ «Պլումպըրկ»-ին յայտնած են. «Բրիտանական կառավարութիւնը կը սերտէ կարգ մը զէնքերու Իսրայէլ արտածումը սահմանափակել, եթէ Ռաֆահ քաղաքին վրայ յարձակում շղթայազերծէ»:

Բրիտանացի պաշտօնատարներ յայտնած են. «Կազայի մէջ առանց քաղաքայինները պաշտպանելու իսրայէլեան մագլցումը միջազգային օրէնքի խախտում մը պիտի ըլլայ»:

 

Նախորդը

Դամասկոսի Քաֆարսուսա Շրջանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?