Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոպախիծէ. «Վրաստան 2030 Թուականին Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու»

February 23, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանը 2030 թուականին պատրաստ պիտի ըլայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսելի մէջ այս մասին ըսած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

«Մէկ բան կարելի է ըսել` մենք յաւակնոտ ծրագիրներ ունինք Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան համարկուելուն համար: 2030 թուականին, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը կոչեց ընդլայնման տարի, Վրաստանը միւս թեկնածու երկիրներուն համեմատած աւելի պատրաստ պիտի ըլլայ անդամակցութեան: Մենք ունինք յաւակնոտ ծրագիր, եւ մենք հաւատարիմ ենք անդամակցութեան համար անհրաժեշտ բարեփոխումներու ծրագիրին», ըսած է Քոպախիծէ` Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:

Վրաստանը Ռուսիոյ Դէմ
Պատժամիջոցներուն Պիտի Չմիանայ

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ բացառած է իր երկրին Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն միանալու կարելիութիւնը:

Վրաստանի վարչապետը նշած է, որ իրենք այդ հարցին մէջ շատ յստակ դիրքորոշում ունին: «Մենք պատժամիջոցներու չենք դիմեր եւ այդ առումով բաւական ուժեղ փաստարկներ ունինք», ընդգծած է ան:

Քոպախիծէ նաեւ ընդգծած է, որ զինք կը դառնացնեն Ռուսիոյ դէմ երկրորդ ճակատ բանալու վերաբերեալ ուքրանացի պաշտօնատար անձերու յայտարարութիւնները:

Պորել իր կարգին նշած է, որ Եւրոպական Միութեան մէջ ոեւէ մէկը լուրջ չէ վերաբերած Վրաստանը Ռուսիոյ հետ զինուորական տագնապին ներգրաւելու կարելիութեան մասին յայտարարութիւններուն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք Պէյրութ

Յաջորդը

Ազրպէյճանն Ու Միացեալ Նահանգները Կը Քննարկեն Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Ընդլայնումը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.