Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինցիները Ռաֆահէն Տեղափոխելու Իսրայէլեան Ծրագիր

Փետրուար 27, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը քաղաքայինները Ռաֆահէն տեղափոխելու ծրագիր մը ներկայացուցած է, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուած է Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու ծրագիրին:

Գրասենեակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ծրագիրին նպատակը քաղաքայինները զինուորական գործողութիւններու շրջանէն տեղափոխելն է, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց:

Նաեւ կը նշուի, որ իսրայէլեան բանակի մարդասիրական օժանդակութիւններու բաժանման ծրագիրը «պիտի արգիլէ գողութիւնները»:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին զգուշացուց Ռաֆահի մէջ որեւէ զինուորական գործողութենէ:

Ան վերստին ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն անհրաժեշտ կը նկատէ առանց քաղաքայինները պաշտպանելու ծրագիրի գոյութեան Ռաֆահի մէջ որեւէ զինուորական գործողութիւն չշղթայազերծել:

Սալիվըն նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տակաւին չէ ծանօթացած  Ռաֆահի վերաբերեալ Իսրայէլի ծրագիրին:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մէկ օր առաջ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր. «Եթէ համաձայնութիւն գոյացնենք, գործողութիւնը որոշ չափով պիտի ուշանայ, սակայն տեղի պիտի ունենայ»` աւելցնելով. «Եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ, զայն անմիջապէս պիտի շղթայազերծենք»:

«Արապիա» հաղորդեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը յայտարարած է. «Իսրայէլի քաղաքայինները Ռաֆահէն հեռացնելու ծրագիրը մերժելի է, եւ անոր նպատակը բռնագրաւումն ու տեղահանումն է»:

«Արապիա» հաղորդեց, որ իսրայէլացի նախարար մը յայտնած է. «Փարիզի փոխադարձ հասկացողութիւնները կը յարգեն Իսրայէլի կարմիր գիծերը, եւ Համասէն դրական պատասխան կը սպասենք»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ եգիպտացի պաշտօնատար մը յայտնած է, որ կը նախատեսուի, որ Փարիզի բանակցութիւնները շարունակուին Քաթարի մէջ, ապա Գահիրէի մէջ:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ գոյութիւն ունի նոր առաջարկ մը, որ կը ներառէ իւրաքանչիւր իսրայէլացի գերիի դիմաց կռիւի մէկ օրուան դադրեցում: Զինադադարը կրնայ 6 շաբթուան վրայ երկարիլ, որուն ընթացքին 40 իսրայէլացի գերիներ ազատ պիտի արձակուին: Ըստ նոր առաջարկին, իւրաքանչիւր իսրայէլացի գերիի դիմաց 10 պաղեստինցի բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին: Իսրայէլ նաեւ գաղթականներու Կազայի հարաւէն հիւսիս վերադարձն ու վերաշինութիւնը պիտի արտօնէ:

Իսրայէլեան աղբիւրներ լաւատեսութիւն յայտնած են Ռամատան ամիսէն առաջ համաձայնութեան հասնելու նկատմամբ` աւելցնելով, որ Գահիրէի մէջ բանակցութիւններ կատարելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի:

Էլիզէի պալատը յայտարարեց, որ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը այսօր եւ վաղը պիտի այցելէ Փարիզ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ:

Էլիզէի պալատէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Քաթար մասնաւորաբար կ՛աշխատի գերիներու ազատ արձակման վրայ, «բան մը, որ մեզի համար առաջնահերթութիւն է»` աւելցնելով, որ Կազայի մէջ գերիներու շարքին են ֆրանսական քաղաքացիութիւն ունեցող երեք իսրայէլացիներ:

Պաշտօնատարը նաեւ նշած է, թէ քննարկումները նաեւ պիտի կեդրոնանան «զինադադարի հասնելու համար ընթացող ջանքերուն եւ Կազայի բնակիչներուն մարդասիրական մեծ օժանդակութիւններու տրամադրման վրայ»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան յայտարարեց. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է տէր կանգնի Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու եւ քաղաքայինները պաշտպանելու գաղափարին` այդտեղ խաղաղութեան հոլովոյթ ձեւաւորելու համար»:

ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր յանձնակատար Ֆիլիփ Զալարինի յայտնեց. «Տակաւին Կազայի մէջ սովէն խուսափելու կարելիութիւն գոյութիւն ունի, եթէ անոր համար քաղաքական իսկական կամքը ապահովուի»: Ան աւելցուց. «Կազայի հիւսիսը սննդական օժանդակութիւններ ուղարկելու մեր կոչերը մերժուեցան եւ փակ ականջներու հանդիպեցան»:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան օդուժի անդամ զինուոր մը Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան առջեւ ինքզինք հրկիզած է, այդ պատճառով ալ յայտնուած է ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:

Ամերիկեան ոստիկանութիւնը, հիւանդանոցին յղում կատարելով, յայտնած է, թէ տղամարդու այրուածքները շատ լուրջ են:

Համացանցի վրայ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, որ բանակային համազգեստ կրող ամերիկացին բացագանչած է «Ազատ Պաղեստի՛ն» եւ Իսրայէլը մեղադրած է Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ անձ մը Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան առջեւ ինքզինք հրկիզած է` աւելցնելով, որ դեսպանատան անձնակազմի շարքերուն մէջ վնասուածներ չկան:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ նշեալ անձը ուշակորոյս հասած է հիւանդանոց:

Պաղեստինի Վարչապետը Կառավարութեան
Հրաժարականը Յայտարարեց

Պաղեստինի վարչապետ Մոհամետ Շթայեհ յայտարարած է իր կառավարութեան հրաժարականը` պատճառաբանելով Այսրյորդանանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ բռնութիւններու աճը եւ Կազայի դէմ պատերազմը: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա»-ն:

«Հրաժարականի որոշումը տրուած է Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ աննախադէպ մագլցումի եւ Կազայի մէջ պատերազմի, ցեղասպանութեան ու սովի լոյսին տակ», ըսած է Շթայեհ, որ երէկ իր հրաժարականը ներկայացուցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին:

«Ես կը տեսնեմ, որ յաջորդ փուլը եւ ատոր մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր կառավարական եւ քաղաքական համաձայնութիւններ, որոնք հաշուի պիտի առնեն Կազայի նոր իրողութիւնը եւ պաղեստինեան համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը` հիմնուած պաղեստինեան միասնութեան եւ Պաղեստինի տարածքին մէջ միասնական իշխանութեան վրայ», աւելցուցած է ան:

 

 

Նախորդը

Միջերկրականի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Մեծ Ռազմափորձեր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?