Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակը Ռաֆահի Մէջ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշման Վճռումին Կը Մօտենայ

Փետրուար 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը զինուորական պաշտօնատարներու խօսքեր մէջբերելով հաղորդեց, որ «Խան Եունեսի մէջ ցամաքային գործողութեան աւարտի մօտալուտութեան վերաբերեալ գնահատականներ» գոյութիւն ունին` աւելցնելով. «Բանակը Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութեան սկսելու վերաբերեալ իր դիրքորոշման վճռումին կը մօտենայ»:

«Աքսիոս», վկայակոչելով իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ  Ռաֆահ քաղաքին մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնը կրնայ սկսիլ ապրիլի կէսերուն` իսլամներու համար սուրբ եղող ռամատան ամսուան աւարտէն ետք:

«Բազմաթիւ շաբաթներ պիտի անցնին, մինչեւ Ռաֆահի մէջ գործողութիւնը սկսի, հաւանաբար մինչեւ ապրիլի կէսերը` իսլամներու սուրբ ռամատան ամսուան աւարտէն ետք», գրեց կայքը:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց չորեքշաբթի օր յայտնեց, որ եթէ Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիները յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին ազատ չարձակուին, Իսրայէլ պիտի ընդլայնէ հարաւային Կազայի վրայ յարձակումը եւ մուտք գործէ Եգիպտոսի սահմանին վրայ գտնուող Ռաֆահ քաղաքը:

«Աշխարհը պէտք է իմանայ, եւ Համասի ղեկավարները պէտք է իմանան, որ եթէ մինչեւ ռամատան գերիները տուն չվերադառնան, կռիւը պիտի շարունակուի ամէնուր, ներառեալ Ռաֆահի շրջանին մէջ», ըսած էր Կանց:

Նշենք, որ իսլամներու համար սրբազան ռամատանի ամիսը այս տարի կը սկսի 10 մարտին:

Նշենք, որ գոյութիւն ունին արեւմտեան միջազգային զգուշացումներ իսրայէլեան զինուորական գործողութեան շղթայազերծումէն` նկատի ունենալով, որ այդտեղ ապաստանած են 1,4 միլիոն պաղեստինցիներ:

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Մենք պատերազմական վիճակի մէջ ենք, եւ Իսրայէլի բռնկումը նախատեսելի էր, սակայն ուժեղ բազուկի քաղաքականութիւնը մեզ հանդարտութեան կ՛առաջնորդէ»:

«Կարիքը չկայ Մոսատի տնօրէն Տաւիտ Պերնաղը աշխարհի մայրաքաղաքներուն օգնութիւնը խնդրելու համար ուղարկելու, եւ պէտք է գերիներու տունդարձին համար ճնշումը աւելցնենք», ընդգծեց ան:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ երէկ հասած է Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէ:

Համասի հրապարակած հաղորդակցութեան համաձայն, Հանիէն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկեն «Կազայի դէմ թշնամական պատերազմի լոյսին տակ քաղաքական ու մարտական պայմանները, եւ յարձակումը դադրեցնելու, քաղաքացիներուն օժանդակելու եւ մեր պաղեստինցի ժողովուրդի նպատակները իրագործելու համար թափուող ջանքերը»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի Տոհայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Կազայի համար 20 թոն մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած քաթարեան օդանաւ մը Արիշ հասած է` հաստատելով, որ պաղեստինցի վիրաւորներու նոր խումբ մը դարմանուելու համար Կազայէն Տոհա հասած է:

«Քաթարի միջնորդական ջանքերը կը շարունակուին, եւ բոլոր կողմերուն հետ հաղորդակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին», ըսաւ Անսարի` նշելով. «Գերիներու փոխանակման գործարքի հարցով բանակցութիւնները կը շարունակուին, հակառակ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն»:

«Գերիներու փոխանակման գործարքին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւնը մարդասիրական կողմին է», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացումն ու քանդումի տարողութիւնը աննախադէպ են»:

«Մենք մեծ մտահոգութեամբ կը նայինք Կազայի հիւսիսը պաղեստինցի եղբայրներու իրավիճակին», ըսաւ Անսարի:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն, որ օժանդակութիւնները մնայուն կերպով ամբողջ Կազայի տարածքին հասանելի ըլլան:

«Ռաֆահի մէջ կացութիւնը շատ մտահոգիչ է, որովհետեւ այդտեղ կը գտնուին շուրջ 1,5 միլիոն անձեր», նշեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` նշելով. «Մենք յստակօրէն կը մերժենք Ռաֆահի վրայ որեւէ յարձակում»:

«Կազայի մէջ ապահով որեւէ վայր չկայ», աւելցուց ան:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով լրագրողներուն յայտնած է. «Մենք աշխուժօրէն կը ցանկանք իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն օգնել համաձայնութեան հասնելու: Մենք այլ ուղի չենք տեսներ, բացի անոնց միջեւ ուղիղ երկխօսութենէն»:

Իսրայէլեան ժողովրդավարական հիմնարկի կատարած հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն, իսրայէլացիներուն 55 առ հարիւրը Կազայի մէջ ամբողջական յաղթանակի մը առիթը ցած կը նկատէ:

Հարցախոյզը նաեւ նշեց, որ անոր մասնակից իսրայէլացիներուն 60 առ հարիւրին կարծիքով` մօտ օրէն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դէմ լայնածաւալ բողոքի ցոյցեր պիտի կսին:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտնած է. «7 հոկտեմբերի դէպքերուն շուրջ ներքին հետաքննութիւնը ընթացք պիտի առնէ յառաջիկայ օրերուն»:

Նախորդը

Ալիեւ. «Թուրքիան Մեր Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Երաշխաւորն Է»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?